Յակոբեան. «Հակառակորդը Պիտի Ստանայ Արժանի Պատասխանը»

Մովսէս Յակոբեան
«Հակառակորդին կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերն ու բացարձակ նախայարձակումը այս տարի բաւական աճած են: Անոնց պատճառով ունեցած ենք կորուստներ», երէկ Վանաձորի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան:
Նախարարը Վանաձոր եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու բանակի 104 լաւագոյն լոռեցի զինուորներու ծնողներուն, միաժամանակ յուշամետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ղարաբաղեան պատերազմի շարք մը ազատամարտիկներ:
Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն` Յակոբեան ընդգծեց. «Հակառակ սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ ցուցաբերուած աշխուժութեան, զոհերու թիւը տարուէ տարի կը նուազի, իսկ հակառակորդը կը ստանայ արժանի պատասխան»:
«Ցաւօք, այդպիսի դէպքեր մենք կ՛ունենանք, բայց բանակը ստեղծուած է հայրենիքը պաշտպանելու համար: Հայ զինուորը սահմանին կանգնած է շատ պինդ ու վստահ: Որեւէ այդպիսի ոտնձգութիւն համարժէք խիստ պատասխան պիտի ստանայ մեր զինուորին կողմէ: Վստահ եղէք, որ հակառակորդը որեւէ այդպիսի գործողութենէ ետք մեծ ափսոսանք պիտի ապրի», ըսաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը:
Յակոբեան հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց շփման գիծի հակառակորդի աշխուժութեան երեւոյթը. «Քանի մը գործօններ կան: Առաջինը` Ազրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ վնաս պատճառել հայ զինուորին եւ հայ ընտանիքին: Երկրորդը` կը փորձէ շանթաժի ենթարկել միջնորդ երկիրները, որոնք կը զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումով: Եւ երրորդ` կը մարզէ իր զօրքը, կը փորձէ բարձրացնել իր զօրքին մարտունակութիւնը եւ նաեւ յատուկ ներքաղաքական խնդիրներ կը լուծէ»:
Անդրադառնալով խաղաղ պայմաններու մէջ մահուան դէպքերուն` նախարարը միայն մէկ դէպք նշեց, որ կապուած էր զէնքի հետ անզգուշութեամբ վարուելու երեւոյթին: Մնացեալ բոլոր դէպքերուն զոհերը հակառակորդի գործողութիւններուն հետեւանքով եղած են:
Յակոբեան խուսափեցաւ պատասխանել «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ արդեօք իրեն չի՞ մտահոգեր այն հանգամանքը, որ Ռուսիա Ազրպէյճանին մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը վաճառէ: Ըսաւ` ինք միայն բանակի խնդիրներով կը զբաղի:

