Սպանական Նաւարայի Ինքնավար Շրջանի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

2406Parliament-of-NavarreԸստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի եւրոպական ընկերներ կազմակերպութեան լրատուական բաժինը կը տեղեկացնէ, որ Սպանիոյ Նաւարայի ինքնավար շրջանի խորհրդարանը 23 յունիսին վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը:

Կազմակերպութեան կողմէ հռչակագիրի ընդունումը արգասիքն է Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կազմակերպուած իրենց ուսուցողական այցելութիւններուն:

Խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ «յունիս 1987-ին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունած բանաձեւին համաձայն, որ աւելի ուշ հաստատուեցաւ համանման բանաձեւերով (28 փետրուար 2002-ին եւ 1 ապրիլ 2004-ին), իրադարձութիւնները, որոնցմէ տուժած է հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն են»:

«Տրուած ըլլալով, որ կը մօտենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, նման հռչակագիրներ յստակօրէն ցոյց կու տան եւրոպական համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին եւ անոր տառապանքներուն  հետ», յայտարարեց Հայաստանի եւրոպական ընկերներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան: Ան ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը հպարտ է, որ իր լայն ցանցին շնորհիւ եւրոպական աւելի ու աւելի շատ հետաքրքրուած կողմեր կը տեղեկանան խնդիրի կարեւորութեան մասին:

Նաւարայի ինքնավար շրջանի խորհրդարանին ընդունած հռչակագիրը կը քննադատէ այն ժամանակուան թրքական վարչակարգի մշակած քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ «լաւ եւ ներդաշնակ դրացնութեան ոգիով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի հետ եւ սահմանային խնդիրը լուծելու խաղաղ միջոցով»: Հռչակագիրի բնագիրին մէջ նշուած է, որ հաշուի առնելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի թեկնածու ըլլալու փաստը` երկիրը պէտք է հրատապ կերպով կարգաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցերը:

Նաւարա Սպանիոյ հիւսիսը կը գտնուի եւ Ֆրանսայի հետ սահմանակից ինքնավար շրջան է, որ իր չափերով գրեթէ հաւասար է Կիպրոսին (10.391 քառ. քմ): Նաւարայի բնակչութեան թիւը կը հասնի 650 հազարի: Անիկա Սպանիոյ 4-րդ շրջանն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` Պասքերու երկրէն, Քաթալոնիայէն եւ Պալեար կղզիներէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES