Կենսոլորտի Նախարար Մոհամետ Մաշնուք Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Երէկ կէսօրին կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Նախարարին այցելութիւնը ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցաւ Պուրճ Համուտի կից զտարանի ընդարձակման հարցը: Կեդրոնական կոմիտէն նախարարին փոխանցեց այս ծրագիրին նկատմամբ յստակ մերժումի կեցուածք: Նախարարը խոստացաւ հարցը տանիլ կառավարութեան նիստին եւ աշխատիլ, որպէսզի կառավարութիւնը հրաժարի այս ծրագիրէն:
Ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ աղբակոյտը գետնին հաւասարեցնելու ծրագիրին, նախարարին փոխանցուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի համաձայնութիւնը եւ զօրակցութիւնը այդ տարածքը հանրային օգտագործման նպատակին ծառայող նախարարի առաջադրանքին:

