Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր անշշան հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք: Գիտցէք, որ ձեր հարցերէն աւելի ծանր տագնապներ ունեցող անձեր կան: Մի՛ դժգոհիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրացիներու կամ այլ ծանօթներու հետ համերաշխ ապրելու տրամադրութիւն ունեցէք: Միշտ ուրիշը չէ յանցաւորը, դուք ձեզ քննարկեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
«Միութիւնը զօրութիւն է» իմաստուն խօսքին հետեւեցէք, անջատաբար ինքնագլուխ գործունէութիւն մի՛ ունենաք: Ուրիշին օգնութեան կարիք կ՛ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրոյ արտայայտութիւն մը պիտի լսէք անսպասելի կերպով: Պիտի զարմանաք, բայց նոյն ատեն ձեր հաւանութիւնը պիտի տաք ուղղուած հրաւէրին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դժուարահաճ էք, չէք կրնար նոյն ատեն ձեր ուզածը կատարել տալ: Քիչ մըն ալ դուք զիջում ըրէք: Միշտ ուրիշէն մի՛ սպասէք խոնարհութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դժկամութեամբ ներկայ պիտի ըլլաք հրաւէրի մը, բայց գոհ պիտի մնաք: Առանց ճիշդ ծանօթութիւն ունենալու` որոշում մի՛ տաք, ո՛չ ատեցէք, ո՛չ ալ սիրեցէք, ջանացէք լաւ ճանչնալ ձեր խօսակիցը կամ գործակիցը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործի առաջարկ մը հաւանական է: Սակարկութեան մի՛ մտնէք, որովհետեւ նախ ցոյց տուէք ձեր կարողականութիւնը, ապա համաձայնութիւն ստորագրեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դատական խնդիր մը վճռելու համար գուցէ ձեզի դիմեն վկայութիւն մը տալու համար: Անկեղծ պէտք է ըլլաք, եթէ նոյնիսկ վնասողը ձեզի ծանօթ անձը ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գեղեցկութիւնը մնայուն զօրութիւն չէ, անձ մը կը սիրուի եւ կը յարգուի իր ունեցած մտային եւ հոգեկան զօրութեամբ: Թռուցիկ տեսքը կամ խօսքը արժէք չունենար: Մնացէք մարդասէր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մէկ քարով երկու թռչուն որսալու բախտը պիտի ունենաք: Դուք ալ պիտի զարմանաք բախտով իրագործուած այս յաջողութեան: Դուն քուն, բախտդ արթուն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարօտը մարդկային զգացում մըն է, որ կը բխի սիրոյ ջերմութենէն: Փարատելու համար այս մտահոգութիւնը` հեռաձայնով կամ համացանցով արտայայտեցէք ձեր զգացումները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի հրաւիրուիք ճաշկերոյթի մը, ուրախ առիթով մը: Փունջ մը ծաղիկով կրնաք արտայայտել շնորհաւորական ձեր զգացումները: Ծաղիկը լաւագոյն արտայայտիչն է նման պարագաներու:

