50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1964)

Արարատը Ծիլարձակած

(Հայ Մշակ. «Արարատ» Կազմակերպութեան
20-Ամեակին Առիթով)

Հայաստանը, որուն սահմանները տարածուած են հայացած հայու երակներուն ամէն մէկ անկիւնը, որուն շունչին մէջ կ՛ապրի ու կ՛անմահանայ` վերածուած խորին խորհուրդի, ու այդ խորհուրդին հաւատացեալ աշխարհատարած ժողովուրդ մը ամէն սառնամանիքի ու փոթորիկի դիմաց ակամայ պրկուած կը փնտռէ, ու ակնարկը կ՛ուղղուի ա՛յնտեղ, ուր կէտ մը կայ լոյսով ու ջերմութեամբ խաղաղ, ու հայաշունչ մտերմութիւն մը կեանքի կը վերածուի: Ուրկէ ծնած ամէն երանգ քեզ կը լեցնէ ժպիտով ու խանդով:

Ամէն ծիլ ու ծառ, մանուկ ու մարդ տարբեր է, երբ կը գտնուի արեւի բարերար շողերուն: Մարմինն ու հոգին իրենց կեանքը ունին, ազգութիւնը` իրը: Մենք ալ` ազգ մը շատ հին արմատներով, աճումով կ՛անցնինք պատմութեան: Մեր կեանքի պտուղն է մեր մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան արտայայտութիւններով երկունքով ու ճիգով ստեղծագործուած, ու այդ ճիգին մէկ վեհ ու վեհափառ արտայայտութիւնը ահաւասիկ կը կանգնի Իրանի տարածքին քսանամեայ իր հասակով` Մայր Արարատէն ծլարձակած, «Արարատ» մշակութային կազմակերպութիւնը: Բոլոր հայակարօտ աչքերուն տալով յոյս, մխիթարութիւն ու սպեղանի, ժպիտ ու խանդ… Արարատի խորհուրդը սահման ու շղթայ չի ճանչնար. իր նման յաւերժական է ու իրմով միւռոնուած ամէն հայ կ՛արժանանայ իր դրախտին…

Այսօրուան Իրանի խաղաղաշէն սահմաններուն մէջ ակնարկ մը հայ կեանքին` մեզ ուրախութեամբ պիտի կանգնեցնէ «Արարատ»-ի դիմաց, որուն փէշերուն կեանքը ուրիշ կերպ չէ, ինչ որ եղած էր անցեալ դարերուն: Հայ երիտասարդութիւնը մայր Արարատի շուրջ ինչ որ ապրեցաւ ու երգեց, նոյն երգն էր ու կեանքը, ծաղկուն ու սլացիկ կը շարունակուի «Արարատ»-ի շուքին` շեշտաւորելով հայկականը ու երանգաւորելով իրանեան ժողովուրդներու ներդաշնակութիւնը: Գայլիկ, սկաուտ կամ արենուշ, մարզիկ կամ երգիչ, գրող կամ քերթող, բանուոր ու մտաւորական երիտասարդութիւնը շաղախուած  ու կազմած է «Արարատ»-ը: Ամէն հայածին պատանի Նոյեան Տապանի նման իր խաղաղութիւնն եւ փրկութիւնը, կեանքը կը գտնէ «Արարատ»-ի սեմին… Որքա՞ն տիպար քաղաքացիի ու հայու մթնոլորտ է կը ներշնչէ պատանին իր հետաքրքրութեանց որքանին գեղեցկութեան ու վեհութեան հորիզոն մը կը պայծառանայ ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքին»…

Այս ոգեկան թթխմորով հասունցած առողջ սերունդ մը այսօր կանգուն ու գեղեցիկ կը պահէ իրանահայ կեանքը: Բաւական է հանդիպիլ «Արարատ»-ականի մը, արդէն վստահութեան ու հաւատարմութեան հայկական ու մարդկային արժանեաց հարստութեամբ մը համակուած` ինքզինքդ կը զգաս երանելի պահի մը մէջ: Հայորդիները պէտք է դարբնել բոլոր ազնիւ գաղափարներով:

Վսեմ տաճար մըն է «Արարատ»-ը, ուր իր զաւակը ուղարկող ամէն հայ ծնող խաղաղ է իր ու իր ցեղին գոյատեւման ճանապարհովը: Ինչպիսի՞ տուներ, որոնց պատերը նեղ են եկած թռիչքի ծարաւ հայ նոր սերունդի հոգիներուն, որոնք իրենց աշխարհը փնտռած են այս լայն աշխարհին մէջ ու գտնելէ ետք իրենց խոյանքը ունեցած` դէպի գերագոյնը… այն սրբազան դրոշմը, զոր կը ստանան անցնող սերունդները «Արարատ»-ի կամարներուն ներքեւ` դրոշմն Հայկին, Տիգրանին ու Վարդանին, Արարատով զօրացած, Արարատով հպարտ:

Աշխարհի մէջ ո՞վ չէ հիացած ու խոնարհած մեր անթիւ գեղեցկութեանց, իսկ այդ գեղեցկութեանց աճումն ու զարգացումը քսան տարիներու նուիրեալ կեանքով բեղմնաւորուած է «Արարատեան շրջափակերու մէջ, որոնք օրէ օր ընդարձակուելով` աւելի հնարաւոր սահմաններով ա՛լ աւելի ճոխացած ու փարթամացած վայելքներով հայ կեանքը պիտի հարստացնեն: «Սահման քաջաց, զէնն յիւրեանց», գօտեպնդուիլ «Արարատ»-ով իրանեան երկնակամարի տակ, ու զարդարել հայ հաւաքականութիւնները իրենց ունեցած տոհմիկ արժանիքներով ու գունաւորումներով. ա՛յս եղած է անցեալի քսան քաղցրահնչուն տարիներու գոյատեւման ու ուռճացման պատճառն ու նպատակը «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան, որուն պատմութեան էջերը հիւսուած են անուանի ու անանուն, տեսանելի ու անտեսանելի հազար ու մէկ ազնիւ զոհողութեանց ոսկի թելերով, եւ ինչպէս հին մագաղաթները մեզի կը բերեն անցեալի գանձերը, մեր այսօրուան մշակութային, ընկերային ու ազգային կեանքի գանձերը, արձանագրուած «Արարատ»-ի էջերուն, կ՛արձագանգեն գալիք սերունդներուն «Տալ զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ եւ զազգին` ազգի»:

Տա՜լ…

Տրուած` քսան տարիներու ընթացքին ուրախութեամբ, սիրով, ինքնաբուխ զոհաբերութեամբ, գիտակցութեամբ ու բնազդով արդար, հրճուանքով գոհացած ու արբեցած, խոնարհած Արարատի սրբազան սեղանին:

«Քանի կ՛ուզէ քամին տանի,
Ծովերէն աւազ չի պակսի»:

Ու ի սկզբանէ շաղախուած ու կանգուն Արարատը իր բոլոր ծիլարձակումներով կը շարունակէ մնալ բոլոր երկինքներու տակ` տարածուն ու յաւերժական…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

 

Հայ Եմ Ես

Թէեւ անգլերէն կը գրեմ եւ հակառակ անոր որ ծնունդով ամերիկացի մըն եմ, ինքզինքս կը նկատեմ հայ գրող մը:

Գործածած բառերս անգլերէն են:

Միջավայրը, որուն մասին կը գրեմ, Ամերիկան է:

Սակայն ոգին, որ կը ստիպէ գրել, հայ է:

Ուրեմն, հայ գրող մըն եմ ես:

Խորապէս կը սիրեմ հայ գրողներու մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը:

Հայ ժողովուրդին ազնուականութիւնը, քաջութիւնը, ուշիմութիւնը, խիզախութիւնը, պարզութիւնը, հեգնանքը, սրամտութիւնն ու անվեհերութիւնը հպարտութիւն կը պատճառեն ինծի:

Այս բարեմասնութիւնները ճշմարիտ բոլոր հայերու ժառանգութիւնն են:

Անոնք սնուցած են իմ կեանքը սկիզբէն, ու ես երախտապարտ եմ:

Աշխարհ երբեք չի կրնար նուաճել բարի ժողովուրդ մը:

Եթէ զրկուած ենք մեր հայրենի հողէն, աշխարհ մեր հայրենիքը կ՛ըլլայ:

Եթէ զրկուած ենք մեր կառավարութենէն, հայու հոգին կ՛ըլլայ մեր կառավարութիւնը:

Ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ դաւաճանել մեզի:

Օգտակար ձեւով ապրելու բաղձանքը զօրաւոր է հայուն մէջ:

Հայուն ուժը թեւերուն մէջ չէ, այլ` անհատին սրտին մէջ, իբր անհատ` առանձին:

Ասիկա միակ ճշմարիտ ուժն է, որ մարդիկ իբրեւ անհատներ կրնան ունենալ:

Այն ուժը, որ կը գտնուի թեւերուն մէջ, ստորադաս ու անարժէք ուժ մըն է: Անասնային ուժ մըն է այդ:

Անիկա անպատուաբեր է քաղաքակրթուած անձերու համար: Ինչ որ ատիկա գլուխ կը հանէ, անարժէք է մարդուն ազնուացման ու բարութեան աճեցումի պատմութեան մէջ:

Գալիք տարիներու ընթացքին, նոյնիսկ երբ աշխարհ վայրենութիւններու մէջ մխրճուի, հայը հարազատ պիտի մնայ այն հոգեկան օրէնքներուն, որ իր ժառանգութիւնը կը կազմեն:,

Հայու ոգին զօրաւոր ոգի մըն է: Ատիկա չի պարտուիր չար աշխարհով մը: Ընդհակառակն, անիկա պարտութեան կը մատնէ այդ աշխարհը: Այդպէս կ՛ընէ` իրեն բանալով այդ աշխարհը, առանց ապականելու անկէ:

Հայ եմ ես:

Ուրախ եմ, որ քիչ մը բան, որ ըսած եմ եւ ըսելու վրայ եմ, հոս պիտի վերադարձուի այն լեզուին, որուն ոգին ստիպեց զիս խօսելու, Հայաստանի սքանչելի լեզուին:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES