2014-ի Մոնտիալ. Փիքէ, Ֆապրեկաս Եւ Տիեկօ Քոսթա Պիտի Մնան Պրազիլ

Հակառակ անոր որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին համար 2014-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ, սակայն կազմին մաս կազմող ֆութպոլիստներէն երեքը` Ժերար Փիքէ, Սեսք Ֆապրեկաս եւ Տիեկօ Քոսթա ազգային խումբին հետ պիտի չվերադառնան Մատրիտ:

Անոնք որոշած են որոշ ժամանակ մը մնալ Պրազիլ: Քոսթա պիտի հանդիպի իր ընտանիքին, որ բնակութիւն հաստատած է Լակարթոյի մէջ, մինչ Ֆապրեկաս եւ Փիքէ իրենց ամառնային արձակուրդին մէկ մասը պիտի անցընեն Պրազիլի մէջ:

Բ. խմբակին մաս կազմող աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա Ա. հանգրուանին իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրելէ ետք, յաղթանակ մը արձանագրելով վերադարձաւ հայրենիք:

 

Share this Article
CATEGORIES