Լիբանանի Ամերիկեան Դեսպանատան Ակումբին Մարզական Տարեկան 20-րդ Հանդիսութիւնը

2406nasriՅատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան ակումբը կատարեց իր մարզական տարեկան 20-րդ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ «Աթլալ Փլազա» ճաշարանին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հիլի:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին երեսփոխան Սամեր Սաատէ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչները, ֆետերասիոններու նախագահներ, կուսակցութիւններու եւ տարբեր միութիւններու պատասխանատուներ, քաղաքապետեր, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Դեսպանատան ակումբի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ասաատ Նախըլ ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Տէյվիտ Հէյլին, որ կը զօրակցի ակումբին մարզիկներուն մասնակցած բոլոր մրցաշարքերուն, ըլլան անոնք տեղական, արաբական կամ միջազգային գետնի վրայ:

2406ton-7988Այս հանդիսութիւնը ճոխացուցին լիբանանցի շարք մը երգիչներ:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում` ակումբին 20-ամեակին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES