«Իսկապէս Տպաւորուած Եմ Հայաստանի Մէջ Ճատրակին Նկատմամբ Գոյութիւն Ունեցող Խանդավառութեամբ» Կ՛ըսէ Քարլսըն

2406magnus-cՃատրակի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուի, Տաթեւի վանք այցելելէ ետք Գուրգէն Խանճեանի անուան սրահին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ հայրենի յառաջատար ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեանին:

Քարլսըն յայտնեց, որ իսկապէս մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ ճատրակին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խանդավառութեամբ:

Ան աւելցուց նշելով, որ իր կատարած շրջագայութիւններէն ետք իսկապէս հիացած է երկրին բնութեամբ:

Վերջապէս, ան անդրադառնալով մօտերս սկսելիք ճատրակի ողիմպիականին, յայտնեց, որ իր երկիրը եւս Հայաստանի նման բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:

Share this Article
CATEGORIES