Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Աւարտականի 3-րդ Եւ 4-րդ Մրցումներուն Ժամանակացոյցը Յստակացաւ

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յստակացուց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 3-րդ եւ 4-րդ մրցումներուն ժամանակացոյցը:

Անոնք փոփոխութեան ենթարկուած էին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռել:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ, 27 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 17:00 Մանարա
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՅՈՒՆԻՍ    
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 18:00 Աղբալեան
Share this Article
CATEGORIES