2014-ի Մոնտիալ. Իտալիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Տիեկօ Կոտին (թիւ 3) կը տօնէ իր նշանակած կոլը

Տիեկօ Կոտին (թիւ 3) կը տօնէ իր նշանակած կոլը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Դ. խմբակին մէջ կատարուեցաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Բ. հանգրուանի տոմս մը ապահովելու համար իրարու դէմ ճակատեցան Ուրուկուէյ եւ Իտալիա:

Իտալիա, որ աւելի լաւ կոլէվըրէյճ մը ունէր, հաւասարութեամբ մըն ալ պիտի բաւարարուէր:

Սակայն մրցումին յաղթականը եղաւ Ուրուկուէյ, որ շուրջ 40 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ խմբապետ Տիեկօ Կոտինի նշանակած գլխու գեղեցիկ կոլին (81-րդ):

Իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով Իտալիոյ մարզիկներէն Քլաուտիօ Մարքիզիօ կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Քոսթա Ռիքա, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անգլիոյ հետ, գրաւեց խմբակին առաջին դիրքը (7 կէտ), մինչ Անգլիա 1 կէտով վերադարձաւ հայրենիք:

Յունաստանի յաղթական մարզիկները

Յունաստանի յաղթական մարզիկները

Գ. խմբակին վերջնական պատկերը եւս երէկ գիշեր յստակացաւ, երբ Քոլոմպիա եւ Յունաստան իրենց կարգին անցան յաջորդ հանգրուան` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Ճափոնի (4-1) եւ Փղոսկրեայ Ափունքի (2-1): Յունաստան իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին` փենալթիով:

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

Զ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Պոսնիա – Իրան 19:00
Նիկերիա – Արժանթին 19:00
Ե. ԽՄԲԱԿ  
Էքուատոր – Ֆրանսա 23:00
Հոնտիւրաս – Զուիցերիա 23:00

Այսօր տեղի ունենալիք այս մրցումներուն նախօրեակին, այժմ վերոնշեալ խմբակներուն դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

Զ. ԽՄԲԱԿ

Յ.

Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ.

ԿԷՏ

1.- Արժանթին

2

0 0 3 1

6

2.- Նիկերիա

1

1 0 1 0

4

3.- Իրան

0

1 1 0 1

1

4.- Պոսնիա

0

0 2 1 3

0

Ե. ԽՄԲԱԿ            
1.- Ֆրանսա

2

0 0 8 2

6

2.- Էքուատոր

1

0 1 3 3

3

3.- Զուիցերիա

1

0 1 4 6

3

4.- Հոնտիւրաս

0

0 2 1 5

0

 

Իտալացիք Կը Բողոքեն Օրուան Իրաւարարին

Իտալացիք Կը Բողոքեն Օրուան Իրաւարարին

Share this Article
CATEGORIES