Քեսապին

ՍԻԼՎԻ

Վա՜յ, ի՜նչ անխիղճ ենք եղեր,
Որ թոյլ ենք տուեր
Բարբարոսները հրդեհեն քեզ ու պղծեն:
Իսկ հիմա հեռուէն քեզ դիտելով մենք կ՛արտասուենք…
Բարի ու քաջ հայրենի հող,
Կրած ցաւիդ , սեւիդ համար
Ներէ՛ մեզի հազար անգամ
Մեր արցունքով թող մենք լուանք փոշիներդ:
Բայց դուն չըլլայ երբեք յուսահատիս լուռ ու մինակ,
Այլ հաւատա՛, բոլորով մէկ տուն կը դառնանք
Գիրկիդ գալու, այրած սիրտդ սփոփելու,
Այդ սեւերդ մեր մատներով ճերմկցնելու,
Ու երգերդ առաջուընէ զիլ երգելու:
Մենք մեզի հետ  դեռ կը բերենք
Ջերմութիւնն ու շէնութիւնը մեր ժառանգած
Դուն հաւատա՛, մեծով փոքրով ետ ենք գալու
Բայց այս անգամ ճակտիդ խաչերն այնքան բարձր ենք դնելու
Այնքան բարձր ու լուսաւոր,
Որ աշխարհի չորս կողմերէն տեսնեն մարդիկ
Ու հասկնան, որ մենք գիտենք նորը շինել,
Ու նոր զանգերդ այնքան ուժգին ենք զարնելու, այնքան երկար,
Որ ղօղանջներն հեռուն հասնին ու հասկցնեն
Ամէն անգամ, որ կ՛աւերեն, կը թալանեն գիւղերը մեր`
Կը լեռնանաք ու  կրկնակի կը բարձրացնենք
Մեր ժառանգած աւանդներն ու արժէքները ազգային:

Յունիս 2014

Share this Article
CATEGORIES