Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Յունաստանի Միացեալ Մարմինին Յայտարարութիւնը
Ապրիլ 24, 2015-ը կը նշանաւորէ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 100 տարի` այն թուականէն, երբ օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ սկսաւ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ:
1915-ին սկսած եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ձգտող Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրը 100 տարիներ յետոյ` հայութեան դէմ կը շարունակուի զանազան ձեւերով ու միջոցներով, երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին համար, երբ ուրացման դէմ անպատժելիութիւն կը կիրարկուի նոյնիսկ յառաջադէմ ընկերութիւններու ու երկիրներու կողմէ, երբ տակաւին որպէս հետեւանք ցեղասպանութեան` սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը, երբ մեր եկեղեցիներն եւ յուշակոթողները կը թալանուին նոյն ցեղասպանին կողմէ, երբ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական մեր հողերը:
Այսօր հայ ժողովուրդը, աշխարհի բոլոր կողմերը, միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կը յիշէ իր դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջէ, ու միաժամանակ հաստատ կամքով կը նշանաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշող թուականը` որպէս հայութեան հանդէպ արդար հատուցման պահանջը պայմանաւորող հանգրուան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը յիշեցում մըն է նաեւ միջազգային համայնքին, թէ Թուրքիան բաց հաշիւներ ունի հայութեան ու համայն մարդկութեան առջեւ, երբ կը շարունակէ անտեսել մարդկային, բարոյական ու իրաւական համաշխարհային արժէքներն ու սկզբունքները:
Համազգային շարժումին կը միանայ Յունաստանի մէջ կազմուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միացեալ մարմինը, որ բազմազան նախաձեռնութիւններով պիտի նշէ 100-ամեակի իմաստն ու հայութեան պահանջատէր կեցուածքը:
Յունաստանի միացեալ մարմինը կազմուած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան համագործակցութեամբ:
Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն` միահամուռ կամքով զօրավիգ կանգնելու մարմինի ծրագիրներուն եւ մասնակից դառնալու բոլոր ձեռնարկներուն, բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժանավայել ոգեկոչման յունահայ գաղութին մէջ:
Արժեւորենք խորհրդանշական այս թուականը` միասնականութիւնն ու վճռակամութիւնը դարձնելով մեր աշխատանքներուն մղիչ ուժը:
Գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ տէր կանգնինք մեր արդար իրաւունքներուն:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

