ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային 49-րդ Ժողովի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային 49-րդ ժողովը գումարուեցաւ յունիս 12-15 եւ 21-22 յաջորդական շաբաթավերջերուն, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ:

Օրակարգի ներքին կազմակերպական բաժինով ժողովը նախ լսեց շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան տեղեկագիրը ու հաշուական զեկոյցը, կատարեց անցեալ երկամեային տարուած աշխատանքներուն արժեւորումը: Ապա Ժողովը օրակարգի սոյն բաժինը շարունակեց կազմակերպութեան ուժեղացման եւ անոր կարողականութեան ամբողջական կենսագործման վերաբերող առաջարկներու քննարկումով եւ որոշումներու որդեգրումով: Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցան երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցները առաւել աշխուժացնելու ծրագիրները:

Ժողովը նաեւ հանգամանօրէն քննեց Արեւմտեան Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, խնդիրները, տեղական թէ համազգային պարտաւորութիւնները, եւ շեշտեց համայնքի ուժերը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը` ի խնդիր մեր ազգային նպատակներու իրականացման:

Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, պետական ամրակայման եւ ժողովուրդի ընկերային ու տնտեսական բարօրութեան, Հայ դատի աշխատանքներու թափը ուժեղացնելու, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին մեր պահանջատիրական պայքարը տեղական թէ միջազգային քաղաքական ու իրաւական դաշտի վրայ ազդու կերպով հետապնդելու, Ջաւախքի հայութեան ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, սփիւռքի տագնապահար շրջաններու, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մեր ազգակիցներուն անմիջական կարիքներուն հասնելու մարտահրաւէրը կը պահանջէ, որ հզօր կարողականութիւն ունեցող Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը իր ներուժը դրսեւորէ եւ ներքին համերաշխութիւնը ամրապնդելով` զայն բազմապատկելու ճամբաներ որոնէ:

Շրջանային ժողովը կազմակերպութեան յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան առաջնահերթ խնդիրը նկատեց այդ մարտահրաւէրը արժանաւորապէ՛ս դիմագրաւելու հարցը:

Ժողովը իր վերջին օրակարգով ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ:

Share this Article
CATEGORIES