Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
70 Դպիրներու Եւ Սարկաւագներու
Ձեռնադրութիւն
Բերիոյ հայոց թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ, 16 յունիսին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան յիշատակին առիթով տեղի ունեցաւ թեմիս Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներու 70 դպիր դպրուհիներու դպրութեան, կիսասարկաւագական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, ձեռամբ` թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի:
Նոր Ջուղա
«Քանանեան» Աղջկանց Դպրոցի «Լաւագոյն Դպրոց»
Ճանաչման Գնահատագիրի Յանձնում
Նոր Ջուղայի Հայոց ազգ. «Քանանեան» աղջկանց ուղեցոյց եւ միջնակարգ դպրոցը Սպահան քաղաքի Ուսումնադաստիարակչութեան հիմնարկի 3-րդ շրջանի մակարդակով «Լաւագոյն դպրոց» ճանչցուելով` առաջին տեղը գրաւեց, իսկ Սպահանի նահանգի մակարդակով դասուեցաւ ութ լաւագոյն ուսումնարաններու շարքին:
Այս բացառիկ յաջողութեան գնահատագիրը շնորհուեցաւ դպրոցի պատասխանատուներուն, 11 մայիսին, Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանց օրուան հանդիսավար, դպրոցի գրադարանավարուհի Կարին Տէր Մարտիրոսեան:
Ապա իրենց յուշերով եւ տպաւորութիւններով ելոյթ ունեցան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջոցով 2013-ին կազմակերպուած Հայագիտական համահայկական 6-րդ ողիմպիականին եւ անոր զուգահեռ տեղի ունեցող Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան մրցոյթին մասնակցող «Քանանեան» եւ «Կատարինեան» դպրոցներուն աշակերտները: Անոնք եւ զիրենք ղեկավարող ուսուցիչները ստացան վկայականներ եւ պատուոյ գիրեր:
Թեմի Կրթական խորհուրդին անունով Արթին Քեշիշեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ համահայկական ձեռնարկներու շնորհիւ` նոր սերունդը կրնայ Հայաստանի մէջ հաղորդակցիլ միւս հայրենակիցներուն հետ` նպաստելով սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու սերտացման:
«Քանանեան» դպրոցի Ծնողական խորհուրդին անունով Արմինէ Վարդանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ողիմպիականին մասնակցող պատուիրակութեան ղեկավար ուսուցիչներուն եւ Կրթական խորհուրդին` աշակերտութեան մասնակցութիւնը ապահովելու եւ անոնց լաւապէս ուղղութիւն տալու համար: Ապա, Սպահանի նահանգի ուսումնադաստիարակչութեան գերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած գնահատագիրը «Քանանեան» դպրոցի լաւագոյն դպրոց ճանչցուելուն առիթով, ձեռամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, շնորհուեցաւ դպրոցի տեսչական կազմին:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց թեմի հայ դպրոցներուն մէջ նման առողջ սերունդ դաստիարակելու կապակցութեամբ, գնահատեց Կրթական խորհուրդին, տեսչութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն` դպրոցներու մակարդակի վերելքի ուղղութեամբ կատարած ջանքերը, բարձր գնահատեց ողիմպիականին մասնակից աշակերտութիւնը եւ ղեկավար կազմի աշխատանքները:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ատրպատական
Շքեղ Դիմաւորութիւն Ուրմիահայութեան Կողմէ`
Ատրպատականի Հայոց Նորաօծ Առաջնորդ Սրբազանին
Յունիս 12-ին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Ուրմիոյ մէջ արժանացաւ «Հրաշափառ» դիմաւորութեան 27, ապրիլին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում ստանալէն ետք:
Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կանոնական աղօթքը, ապա Ուրմիոյ ազգային իշխանութեան Պատգամաւորական ժողովին եւ Գործակալական խորհուրդի անունով բարիգալստեան ու ողջոյնի խօսք ուղղեց խորհուրդի ատենապետ Փայլակ Սահակեան:
Ան շնորհաւորեց եպիսկոպոսական տուչութիւնը ապա անդրադարձաւ սրբազան հօր կենսագրական տուեալներուն:
Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին բարձր գնահատեց ժողովուրդին նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ ինք ծառայութիւնը առանձինն չի կրնար ընել, այլ` ժողովուրդին հետ: Ան յորդորեց հաւատացեալները միայն առիթներով կամ խորհրդակատարութիւններու ժամանակ չյաճախել եկեղեցի, այլ մնայուն ներկայութիւն դառնալ կիրակի եւ տօնական օրերուն` կենդանի պահելու համար քրիստոնէական մեր հաւատքը:
Աւարտին, սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց կարգ մը անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց ներդրումը ունին գաղութին ոէջ:
Յունաստան
Այցելութիւն Քոքինիոյ Ծերանոց
Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի տնօրինութեամբ եւ դասաւորումով, 6 յունիսին Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Տիկնանց մարմինը այցելեցին Քոքինիոյ ծերանոց: Անոնք ընտանեկան սեղանի մը շուրջ բոլորուած` միասնաբար երգեցին եւ ճաշեցին: Ապա յոյն թէ հայ տարեցներուն անխտիր բաժնեցին պատշաճ անձեռոցներ, իսկ հայ տարեցներուն տրամադրեցին նաեւ գեղատիպ «Հայր Մեր»-ի օրինակներ:
Ծերանոցի բժիշկ տոքթ. Ֆացիս մեծապէս գնահատեց այս այցելութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց:
Քանատա
ՀՅԴ ՔԵՄ- ի «Յառաջ» Մասնաճիւղի 80-Ամեակի
Եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» Մասնաճիւղի 91-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Յառաջ» եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղերուն, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Յառաջ» մասնաճիւղի 80-ամեակի եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի 91-րդ ամեակի նշում:
Օրուան հանդիսավարներ` Միսակ Պէլեան եւ Քարին Օհանեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ ամփոփ կէտերու մէջ բնութագրեցին օրուան խորհուրդը: Այնուհետեւ յաջորդաբար շնորհաւորական խօսքերով նաեւ յուշագիրներ փոխանցելով` ելոյթ ունեցան քաղաքապետ Պրայըն Մքմալըն, դաշնակցային երեսփոխան Ռիք Տայքսթրա եւ նահանգային երեսփոխան Ճիմ Պրատլի, որոնք դրուատեցին սենթքաթրինզահայ գաղութի աւելի քան հարիւրամեայ վաստակը, յատկապէս անդրադառնալով յոբելեար կազմակերպութեանց ծաւալած դաստիարակչական, մարդասիրական եւ քաղաքացիական գործունէութեանց մասին:
ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով Յասմիկ Բաբիսեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի աշխարհատարած առաքելութեան, յատկապէս` Քանատայի շրջանի գործունէութեան ու անոր ընդմէջէն «Արազ» մասնաճիւղի բերած պատկառելի ներդրումին: Ապա ելոյթ ունեցան ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղին անունով` Լուսին Օգաճեան, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով` Տարօն Քեսքինեան եւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Յառաջ» մասնաճիւղին անունով` Սեւակ Պէլեան:
Աւարտին, ազգային-յեղափոխական եւ ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Էլի Պէրպէրեան:
Միացեալ Նահանգներ
Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Շամլեան
Ազգ. Վարժարանի Տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի
Կազմակերպութեամբ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգ. վարժարանի պատկան մարմիններուն, 18 յունիսին Կլենտէյլի «Պրենտվիու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ` ի պատիւ վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի:
ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան խօսք առնելով դրուատեց տնօրէնին ազգաշէն, կրթանուէր ու սերնդակերտ ծառայութիւնը:
Իր կարգին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գնահատելէ ետք Վազգէն Մատէնլեանի աւելի քան երկու տասնամեակներու ծառայութիւնը` իբրեւ դաստիարակ ու տնօրէն, նշեց, թէ երկար տարիներու մօտիկ գործակցութիւն ունեցած է անոր հետ եւ ճանչցած է զայն իբրեւ սկզբունքի տէր, ազնիւ, հայրենասէր, արդարամիտ անձնաւորութիւն, անխոնջ ծառայ ու արթուն պահակ ազգային արժէքներու ու օրինակելի տնօրէն մը: Առաջնորդ սրբազան հայրը յայտարարեց, թէ ընդառաջելով Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի փափաքին, խնդրամատոյց եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ այս առթիւ «Օրհնութեան գիր» մը շնորհած է Վազգէն Մատէնլեանին: Սրբազանը կարդալէ ետք «Օրհնութեան գիր»-ը, փոխանցեց մեծարեալին եւ անոր նուիրեց «Կիլիկիոյ փրկուած գանձերը» հատորէն օրինակ մը:
Աւարտին, շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վազգէն Մատէնլեան:
Գնահատանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ
Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի
Յունիս 17-ին Պեւըրլի Հիլզի «Մոնթէյճ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` պատուելու եւ բարի երթ մաղթելու Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին:
Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի գերազանց օրինակելի ղեկավարութեան մասին եւ դրուատեց անոր պատուաբեր ներկայացուցչութիւնը մեր հայրենիքին` իր մօտաւորապէս տասնամեակի մը պաշտօնավարութեան ընթացքին: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրումով, խոնարհութեամբ, բարի կամքով ու գործակցութեան ոգիով անոր ծառայութիւններուն համար:
«Սասունցի Դաւիթ»-ը
«Օփերա Քոմիք»-ի Բեմին Վրայ
Յունիս 5-ին «Օփերա քոմիք»-ի մէջ ներկայացուեցաւ հայկական առասպել «Սասունցի Դաւիթ»-ը, որ կը համախմբէր երաժշտական ասպարէզի հայազգի կարեւոր դէմքեր, «Սիփան-Կոմիտաս» երկսեռ երգչախումբի բազմավաստակ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը եւ ներկայիս միջազգային երաժշտական օփերայի բեմերու փնտռուած խմբավար Ալեն Ալթունօղլուն:
Յայտագիրին առաջին մասը կ՛ընդգրկէր նաեւ Խաչատրեանի «Մասքարատ սուիիթ»-ը եւ Փրոքոֆիեւի «Դասական համանուագ»-ը:
Երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Ափրիկեանի «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» օրաթորիոյին: Ափրիկեան «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» յղացած էր Յակոբ Օշականի գրական գործին հիման վրայ: Այս ստեղծագործութեան անդրանիկ կատարումը հեղինակին ճպոտով հրամցուած էր 1994-ին Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնին մէջ:
Օրաթորիոն յօրինուած է մեներգողներու, նուագախումբի եւ երկու երգչախումբերու համար: Այս առթիւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Նայիրա Աբրահամեան` սոփրանօ, Սթելլա Գրիգորեան` մեցցօ եւ Վիարտ Վիթոլտ` պարիթոն:
Երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նուագախումբն ու երգչախումբը:

