Եւրոպական Միութեան Հետ Ուքրանիոյ Ընկերակցութեան Վերաբերեալ Եռակողմ Բանակցութիւնները` 11 Յուլիսին

Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ յայտարարած է, որ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ նախարարական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 11 յուլիսին:
Ըստ Պարոզոյի, խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Պրիւքսէլի մէջ: Բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական յանձնաժողովը պիտի ներկայացնէ առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Քարել տէ Կուխթ:
Նախապէս Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ տեղական ինքնակառավարման եւ պետական իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ երկիրը պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան ընկերակցող անդամ:
Փորոշենքօ մտադիր է այցելել Պրիւքսէլ, որպէսզի ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի տնտեսական հատուածը:

