Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Ազրպէյճանի Դէմ Յայտարարութիւն Որդեգրուած Է

2506europeanԵւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի վերաբերեալ ընդունուած է թիւ 577 յայտարարութիւնը, որուն տակ ստորագրած անձեր իրենց լուրջ մտահոգութիւնը կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ խօսքի ու հանրահաւաքներու ազատութեան, անհիմն ձերբակալութիւններու, ընդդիմութիւնը լռեցնելուն, անկախ լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը ճնշելուն ուղղուած ապօրինի գործողութիւններու վերաբերեալ:

Պատուիրակները խորհրդարանական վեհաժողովէն պահանջած են անյապաղ քայլերու ձեռնարկել` օգտագործելով բոլոր միջոցները: Վեհաժողովը արդէն դիմած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք հետեւին իրենց պարտաւորութիւններուն եւ յարգեն Եւրոպական խորհուրդի հիմնարար արժէքները: Պատուիրակները կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին` յարգելու մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնները:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ նշեալ մարզերուն մէջ որեւէ իրական յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Աւելի՛ն, իրավիճակը առաւել եւս վատթարացած է, երբ Ազրպէյճան ստանձնած է Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES