Ռուսիոյ Դաշնակցային Խորհուրդը Չեղեալ Նկատեց Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսական Զօրք Օգտագործելու Որոշումը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկով չեղեալ նկատած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Ուքրանիոյ տարածքին մէջ օգտագործումը արտօնող որոշումը:
Որոշումը չեղեալ նկատելուն թեր քուէարկած է 153 ծերակուտական, դէմ` 1, ձեռնպահ մնացող չէ եղած:
Ռուսիոյ նախագահի համապատասխան նամակը խորհրդարանի վերին պալատը ստացած էր մէկ օր առաջ: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով պարզաբանած էր, որ ատիկա կատարուած է «Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ այդ հարցին առնչութեամբ եռակողմ հանդիպումներ սկսելով պայմանաւորուած»:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Միխայիլ Քովալ լրագրողներուն յայտնած է, որ Ուքրանիոյ ուժայինները եւ անջատողականները զինադադարի ընթացքին գերիներու փոխանակում կ՛իրականացնեն, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ գծով յաջողած է փոխանակել արդէն 10-է աւելի մարդ:
«Ուքրանիոյ նախագահին հաստատած յստակ ծրագիրին համաձայն, զինադադարի ընթացքին այս բոլոր օրերուն կը կատարուին համապատասխան միջոցառումներ, որոնց շարքին` գերիներու փոխանակում: Ամէն ինչ կ՛ընթանայ ըստ նախատեսուածին», ըսած է Քովալ կառավարութեան նիստէն առաջ:
Ըստ անոր, քանակը գերիներուն, որոնք փոխանակուած են, «կը փոխուի իւրաքանչիւր վայրկեան»:
Անցեալ շաբաթ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ բոլոր ուժային ստորաբաժանումներուն, որոնք մասնակցած են Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ յատուկ գործողութեան, հրամայած էր մէկ շաբաթով դադրեցնել կրակոցը:

