Մալիքի Կը Մերժէ Ազգային Միութեան Կառավարութիւն Կազմելու Կոչերը

Նուրի Մալիքի

Նուրի Մալիքի

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի մերժեց ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութեամբ սիւննի ըմբոստներու դիմակայման համար ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմելու կոչերը, զորս նկատեց «սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում մը եւ ժողովրդավարական փորձառութեան վերջ տալու փորձ մը»:

Միացեալ Նահանգներ եւ շարք մը այլ երկիրներ երկրին քաղաքական ղեկավարներուն կոչ ուղղած էին յարանուանականութենէ եւ ազգային պառակտումներէ վեր կանգնելու:

Մալիքի իր շաբաթական պատկերասփռուած ուղերձին ընթացքին կոչ ուղղեց «բոլոր քաղաքական ուժերուն հաշտուելու»` «ահաբեկչական բուռն յարձակումին» լոյսին տակ:

Շիի վարչապետը նաեւ կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքին ներկայացուցչութիւնը աւելցնելու որեւէ խոստում չտուաւ:

«Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու վտանգաւոր նպատակները յայտնի են: Անիկա սահմանադրութեան դէմ եղողներուն կողմէ փորձ մըն է ջնջելու ժողովրդավարական մանուկ հոլովոյթը եւ քուէարկողներուն քուէները գողնալու», ընդգծեց Մալիքի:

Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց 1 յուլիսէն սկսեալ նոր համաձայնական կառավարութեան մը կազմութեան ձեռնարկելու:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու խոստացած զինուորական 300 խորհրդատուներէն 130-ը Պաղտատի մէջ եւ երկրին հիւսիսը այլ վայրի մը մէջ իրաքեան բանակին հետ միացեալ գործողութիւններու գրասենեակ կը հաստատէ: Ամերիկացի պաշտօնատարներ յստակ դարձուցին, որ ամերիկեան կողմը չ՛աճապարեր փրկելու, թէեւ ամերիկացի խորհրդատուները ի պահանջեալ հարկին կրնան ամերիկեան օդուժի օժանդակութիւնը խնդրել:

Իրաքեան ռմբաձիգներ ռմբակոծեցին Պիժի քաղաքը: «Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ ռմբաձիգներ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Պահաժ գաւառին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը ռմբակոծած են: «Արապիա» նախապէս հաղորդած էր, որ անյայտ օդանաւեր ռմբակոծած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Իրաքի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ ռմբակոծման ետին կանգնած է ամերիկեան օդուժը, սակայն Սպիտակ տունը շտապած է յայտարարել, որ ամերիկեան օդուժը ատոր հետ որեւէ կապ չունի: «Արապիա» կ՛աւելցնէ, որ իրենց աղբիւրը տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ սուրիական զինուորական օդանաւերն են, որոնք յարձակումը կատարած են, սակայն սուրիական մամլոյ աղբիւր մը հերքեց այդ լուրը:

Էրտողան. «Իրաքի Մէջ Ահաբեկիչներուն
Մօտ 80 Թուրք Պատանդ Կայ»

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ը պատանդ կը պահէ Թուրքիոյ 80 քաղաքացի: Ըստ անոր, Անգարա կարելին կ՛ընէ իր քաղաքացիները ազատ արձակելու համար:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը կառավարութենէն կտրուկ քայլեր կը պահանջէ ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի, սակայն «պէտք չէ մոռնալ, որ ահաբեկիչներուն ձեռքը Թուրքիոյ քաղաքացիներ կան»:

Իրան Կը Հերքէ 130 Պատերազմական
Օդանաւեր Իրաքին Վերադարձնելու Լուրը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիյա Աֆխամ հերքեց այն լուրը, թէ Իրան քսան տարիէ ի վեր գրաւած իրաքեան 130 պատերազմական օդանաւեր Իրաքի վերադարձուցած է: Ան ըսաւ, որ այդ լուրը նախ եւ առաջ հերքած են իրաքեան իշխանութիւնները: Ան նաեւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Իրաքի մէջ կը կռուին իրանցի զինուորներ, նախ եւ առաջ Քուտս ջոկատի հրամանատարը` Քասեմ Սլէյմանի:

Աֆխամ նշեց, որ Իրաք մինչեւ հիմա Իրանէն օժանդակութիւն չխնդրեց եւ եթէ խնդրէ, իրենք այդ խնդրանքը պիտի սերտեն միջազգային արժեչափերու եւ Իրաքի հետ յարաբերութեանց ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES