Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ` նախագահական թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլուի, երէկ ուղղուեցաւ Քուէյթ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ Լիբանան այցելելու իմաստով իրենց քաղաքացիները զգուշացնող երկիրներուն կոչ ուղղեց նմանօրինակ զգուշացումներ կատարելու իրենց ահաբեկիչներուն նկատմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի կոչ ուղղեց սէուտցի զբօսաշրջիկներուն զգուշանալու եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ սէուտցիները թիրախ դարձնելու իմաստով մտահոգութիւններ չկան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի Մուսթաքպալ հոսանքին անունով կառավարութեան որոշումները վաւերացնելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այցելուներէն, յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է վտանգի օղակ մը, իսկ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է: Պըրրիի այցելուները շեշտած են նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահին համաձայն, անհրաժեշտ է այս հանգրուանին լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը լիբանանցիներուն միջեւ տարբերութիւն չի դներ, այլ` բոլոր ուժերը թիրախ կը դարձնէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանը պաշտպանելու եւ զայն Իրաքի նման քաոսի չմատնելու միջազգային որոշում կայ:
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ճեֆրի Ֆելթման Օսլոյի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խնդրեց, որ Դամասկոս չխոչընդոտէ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեան հոլովոյթը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու` Լիբանանի համար հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու համար:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահական թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլու յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններուն վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քրիստոնեայ կողմերուն հետ միացեալ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը մերժելի է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական բանակը որոշած է Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները մաքրագործել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր հարց տուաւ, թէ ի՞նչն է այն պատճառը, որ կ՛արգիլէ քաղաքական ուժերուն` խորհրդարանի յարկին տակ հանդիպելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հանդարտեցնելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի միջեւ լարուածութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի ինքզինք պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ կարիք ունի արթուն կեցուածքներու:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, քուէյթցի պատասխանատուները վարչապետ Թամմամ Սալամի փոխանցեցին, որ իրենք հետաքրքրուած են Լիբանանի մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Նատեր Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ եւ փորձած զայն համոզել Յաւելուած արժէքի տուրքը մէկ առ հարիւրով բարձրացնելու կարելիութեամբ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի առած քայլերը առանձինն բաւարար չեն նախագահական ընտրութեան ճակատագիրը յստակացնելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական քննութիւնները սրբագրել:

