Ֆրենժիէ Շէյխ Ասատ Ասիի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Հարցեր

Ֆրենժիէ եւ շէյխ Ասի

Ֆրենժիէ եւ շէյխ Ասի

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց ալեւիներու հոգեոր պետ շէյխ Ասատ Ասին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ասի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Զղարթայի քաղաքապետ Թուֆիք Մուաուատի մահուան առիթով, ինչպէս նաեւ Սլէյման Ֆրենժիէի հետ քննարկել շարք մը հարցեր:

Շէյխ Ասի նշեց, որ ինք Պնաշյիէն կը հաստատէ Ֆրենժիէի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին շուրջ միասնականութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ ուղեգիծին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ դիմադրել շրջանին մէջ տիրող կասկածելի այլ ծրագիրներու:

Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութեան հետ:

Ֆրենժիէ նշեց, որ շրջանը հարուածող ծրագիրը հաւատադրժողական ծրագիր մըն է, եւ բոլոր քաղաքական կողմերը պէտք է ըլլան զգաստ եւ գիտակից, որովհետեւ շրջանին համար նոր աշխարհագրութիւն մը եւ ժողովրդագրական բաժանումը որոշողները շահերու վրայ հիմնուած են եւ խորքին մէջ  անկրօն են, անբարոյ եւ անպարկեշտ:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ամբողջ շրջանը տարբեր մթնոլորտի մէջ կը գտնուի նկատի ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան եւս անմասն չի մնար այս մթնոլորտէն` նկատի ունենալով, որ ան կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ:

Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ինք այս մթնոլորտին մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անյարմար կը գտնէ` նկատի ունենալով, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը տակաւին անհամաձայն կը գտնուին: Ան շեշտեց, որ ինք կը քաջալերէ ներքին լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, «սակայն այս հանգրուանին անիկա ապարդիւն դուրս եկած է», յայտնեց ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը ժողովրդավարական իրենց իրաւունքն է` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի Լիբանանի համար հզօր հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը կատարել: «Իսկ եթէ ոմանք շրջանային փոփոխութիւններու պիտի սպասեն եւ գրաւ պիտի դնեն Հըզպալլայի վրայ` հանրապետութեան նախագահ մը պարտադրելու, ապա պարտական դուրս պիտի գան», ըսաւ ան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ եթէ այդ ընտրութիւնները կատարելու իմաստով համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա կարելի պիտի ըլլայ այդ ընտրութիւնները կատարել, ապա թէ ոչ խորհրդարանը դարձեալ պիտի երկարաձգէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը:

Share this Article
CATEGORIES