Մուսթաքպալ Պլոք. «Սուրիոյ Մէջ Հըզպալլայի Միջամտութիւնը Լիբանան Հրաւիրած Է Ահաբեկչութիւնը»

Յոտնկայս յարգանք` զոհերու յիշատակին
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին վերջին երկու պայթումներուն արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ Տահր Պայտարի եւ Թայեունէի պայթումները գործող կողմերը Լիբանանի մէջ իրենց պաշտպանները չունին:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ լիբանանցիները կը մերժեն ահաբեկչութիւնը եւ կառչած կը մնան քաղաքացիական անվտանգութեան ու ազգային միասնականութեան:
Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Լիբանանը հարուածող պայթումները` շեշտելով, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութիւնը հիմնական պատճառ է` ահաբեկչութիւնը Լիբանան հրաւիրելուն:
Մուսթաքպալ պլոքը մատնանշեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն արդէն ամիս մը անցած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքական եւ հաստատութենական հաւասարակշռութիւնը կարելի չէ ամբողջացնել հանրապետութեան նախագահի բացակայութեամբ:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարելու իրենց թեկնածուն եւ մասնակցելու նախագահի ընտրութեան երեսփոխանական յաջորդ նիստին:

