Զիտան Նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի Բ. Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ

2506zidaneՌէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի նախկին մարզիկ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի անցեալի նախկին աստղ Զինետին Զիտան նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբի գլխաւոր մարզիչ, նոր` 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ:

Անոր օգնական նշանակուեցաւ Սանթիակօ Սանչես:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտին Ռէալի Բ. խումբը իր արձանագրած ոչ այդքան համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով Բ. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:

Share this Article
CATEGORIES