Քոլոմպիացի Մոնտրակոն` Մոնտիալի Պատմութեան Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը

2506mondragon«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քոլոմպիացի պահեստի բերդապահ Ֆարիտ Մոնտրակոն (43 տարեկան) աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ Մոնտիալի ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, որ դաշտ ներկայացաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, երբ Ճափոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ 85-րդ վայրկեանին:

Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր քամերունցի յառաջապահ Ռոժէ Միլայի, որ 1994-ի Մոնտիալին 42 տարեկան հասակին դաշտ ներկայացաւ Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Share this Article
CATEGORIES