Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շուարած վիճակ մը պիտի ունենաք հարց մը կարգադրելու համար: Ընեմ-չընեմ վիճակ մը, որով պէտք պիտի ունենաք դիմելու բարեկամի մը կարծիքին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքը վարդագոյն կը տեսնէք, մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, որովհետեւ յոռետեսութիւնը վտանգաւոր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Մնացէք խաղաղ, հանդարտ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզմէ պիտի խնդրուի նիւթական աջակցութիւն մը` կարիքաւոր անձի մը համար: Մասնակցեցէք ըստ ձեր կարելիութեան, առանց գիտնալու ստացող անձը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամը ձեռքի աղտի կը նմանցնեն ոմանք: Այդքան ալ ճիշդ չէ ձեր պարագային, որովհետեւ դուք ըմբռնած էք դրամին արժէքը եւ զայն մաքուր կը նկատէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վերջապէս պիտի կարենաք ձեր սիրած եւ նախընտրած արուեստի գործի մը ցուցադրութեան ներկայ ըլլալ: Կը սիրէք ձեր շնորհները արտայայտելու ներշնչումով: Թաքուն մի՛ պահէք ձեր տաղանդը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ընտանի անասուն կը պահէք, ուշադիր եղէք անոր առողջութեան: Նոյնիսկ թռչնազգիներու պարագային անտարբեր մի՛ մնաք եւ զանոնք մաքրեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բնութեան ծոցին հանգստանալու կարիքը ունիք: Մէկ կողմ ձգեցէք առօրեայ ձեր աշխատանքները, նախընտրեցէք մաքուր օդը կամ ծովը: Կ՛օգտուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եղանակը սքանչելի է` պտոյտ մը կամ խնճոյք մը կազմակերպելու: Նախընտրեցէք բարեկամական հանդիպում մը կազմակերպել, լեռնային շրջանի մը մէջ: Մի՛ վհատիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մասին հաճելի գովեստներ պիտի լսէք: Անծանօթ անձերու կողմէ եղած արձագանգները աւելի վաւերական եւ անկեղծ կ՛ըլլան, հաւատացէք անոնց:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վերջերս ձեր կարողութենէն աւելի դրամ ծախսած էք: Շռայլութիւնը անօգուտ է: Կծծի մի՛  ըլլաք, բայց գիտցէք արժանի տեղը, երբ գումար կը տրամադրէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նորութիւններ պիտի սորվիք ձեր ասպարէզին գիտութեան մասին: Պիտի զօրանայ ձեր մտային կարողութիւնը, ինքնավստահութեամբ նոր ծրագիր պիտի պատրաստէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գաղտնապահ եղէք, ձեր լսած գաղտնիքը ձեզի պահեցէք, որպէսզի չենթարկուիք խծբծանքի: Թերեւս ճիշդ չէ ձեր լսածը, ուրեմն համբերեցէք, ձեր լեզուն զսպեցէք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES