50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1964)

Սրբազան Ընդվզում

(Պ. Սնապեանի «Աւազախրած Նաւ»-էն Ետք
Ե. Պօյաճեանի «2 Նամակ»-ներուն Առթիւ)

Հրապարակի վրայ են տաղանդաւոր գրագէտ Ե. Պօյաճեանի «2 նամակ»-ները, որոնք գրուեցան Պօղոս Սնապեանի «Աւազախրած նաւ»-ուն առթիւ, ուր բաղդատական զուգակշիռով մը, ամբողջութեամբ կը մերկացուէր դաւանափոխ Կ. Զարեանի ահաւոր ողբերգութիւնը:

Հասած են մեզի Պօյաճեանին նամակները, հասնելէ առաջ բուն հասցէին` «մաքրաջրող» Կ. Զարեանին եւ հաւատաքննող իշխանութեանց Խորհրդային Հայաստանին: Անշուշտ պիտի հասնին նաեւ հոն, որքան ալ թանձր ըլլան երկաթէ վարագոյրները: Պիտի հասնին սրտին` սրբազան ընդվզումի այդ բողոքագիրները, անհուն տրտմութեան այդ կոնդակները, անպատում տխրութեան այդ թուղթերը:

Պիտի հասնին` անպայմանօրէ՛ն: Մինչ այդ ձեռքէ ձեռք կը խլուին հոս, արտասահմանի մէջ, օտարութեան գիրկը հոգի մաշեցնող, բայց այդ հոգին անաղարտ անխռով պահող սերունդներուն` կրակէ խօսքերը:

Պօյաճեանի երկու նամակներուն տակ պիտի ստորագրէ ոեւէ հայ գրագէտ, որ իր հոգին չէ ծախած սատանային: Պիտի ստորագրէր գրիչ շարժող ոեւէ հայ, հոգ չէ` նուազ բախտաւոր ոճով մը, նուազ յստակութեամբ, նուազ ջիղով, արիւնով:

Պիտի ստորագրէր այդ բողոքը` յանուն բզկտուած բարոյականին, յանուն վիրաւորուած արժանապատուութեան, յանուն խոցոտուած մշակոյթին հայոց:

Որովհետեւ ամէն հանդուրժողութիւն սահման ունի, ամէն համբերութիւն` վերջակէտ: Որովհետեւ հայը կրնայ հանդուրժել, երբ հոգեկան կալուածներէ դուրս կ՛ասպատակեն մարդիկ: Տարիներով, տասնեակ տարիներով հանդուրժեց:

Եկան ու բռնացան մեր հայրենիքին վրայ` հանդուրժեցինք: Աքսորեցին ու գնդակահարեցին` նկատեցինք ատիկա բնական տուրքը անողոք բռնկալութեան: Թշուառութեան ու սովի մատնեցին ազնիւ ժողովուրդ մը` քար դրինք մեր սրտին վրայ: Միշտ այն յոյսով, թէ այդ բոլորը վերջ կը գտնեն օր մը: Այն հաւատքով, որ վերջնական յաղթանակը արդարներունն է, ազատութեան անկաշկանդ մարտիկներուն:

Ու նաեւ ուրախացանք, խոշորացոյցով դիտեցինք` ինչ որ ծաղկում էր ու ծաղկազարդում, ինչ որ շէնք էր ու շինարարութիւն: Լուռ անցանք տգեղութիւններու, լուռ` ճղճիմ հաշիւներուն վրայէն: Նոյնիսկ հասկցանք զիրենք, երբ ուրացան մեզ, ուրացան քաղաքական մեր դատը. չեղան, չուզեցի՛ն ըլլալ Ամենայն Հայոց կառավարութիւն:

Այսքանը հասկնալի էր ու ներելի, այսքանը բաժինն էր մեր ճակատագրին: Հասկցանք ու ներեցինք: Սպասեցինք ու հաւատացինք:

Բայց մեր սպասումին ու հաւատքին մէջ վրդովուած ենք այսօր: Ընդվզած է հայ գրագէտը, մեր միակ հարստութեան, դարերէն եկած ու դարերուն գացող մեր միակ ժառանգին, բոլոր կողոպուտներէն եւ աւերներէն փրկուած մեր միակ գանձին գերեզմանը պատրաստող Ճենկիզ խաներու դէմ: Հայ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը եղծող, բարոյական մեր ըմբռնումները խաթարող, հայ գրագէտը ստրկանցող սուինաւորներու դէմ:

Պօղոս Սնապեան ու Եդուարդ Պօյաճեան այդ ընդվզումին, համայնական այդ պոռթկումին իրաւասու արտայայտիչներն են միայն: Կոստան Զարեանի նման «իմացական բարձունքներէն տեղահան եղած քոչուոր»-ի մը բարոյական յուղարկաւորութեան առաջին սգակիրները:

Երկու գրողներն ալ հաճոյքով չեն ըսած իրենց խօսքերը: Ընթերցողը եւս հաճոյքով չի լսեր զանոնք: Բայց անոնք պէտք էր գրուէին, եւ ընթերցողը պէտք էր կարդար` վերստին ամրապնդմուելու համար գիրն ու գրականութիւնը անաղարտ պահելու իր ցեղային բնազդին մէջ:

Երբ հող ուզած են, առանծ են մեզմէ: Երբ մեր կեանքը պահանջած են, նահատակներու շարքը երկարած է հայրենի աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը: Քանդած են մեր տաճարները, դպրութեան տուները: Աւերած ու այրած են շէն ու աւան: Բայց բռնութեան յորձանքը կանգ առած է հոն, ուրկէ այլեւս նահանջել չէ գիտցած մեր ժողովուրդը: Մեր ոգեկան անառիկ բերդերուն առջեւ, որոնց վրայ միշտ պարզուած է յաղթութեան դրօշը, յաւիտանական խորհրդանիշը յաւիտենական հայութեան:

Ինչ որ չեն կրցած գրաւել երէկ, բոլոր դարերու բռնակալները, պիտի չկրնան գրաւել այսօր` նորելուկ ասպետները սնամէջ վարդապետութիւններու: Անաղարտ հոգին, որուն հարազատ արտայայտութիւնն է մեր հարուստ մշակոյթը, այն կալուածն է, որուն պարիսպները պիտի պաշտպանուին մինչեւ վերջին հայը:

Պաշտպանութեան այդ նուիրական պարտականութիւնն է, որ կատարած են Պ. Սնապեան  եւ Ե. Պօյաճեան, որոնց մատնանշած երեւոյթը այսօր մտահոգութիւնը կը կազմէ բովանդակ հայութեան:

Share this Article
CATEGORIES