Արուեստի Աշխարհէն. Քանդակներ, Որոնք Կը Նախատեսեն Գրականութեան Մահը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԱՒԷ ԿԱՄ ՔԱՐԷ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ ՔԱՆԴԱԿԵԼԸ ԱՅՆՔԱ՛Ն ՄԵԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ, ՈՐ ՇԱՏԵՐ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾՆՈՒՆԴ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԱՆՈՆՔ: ԻՍԿ ՎԵՐՍՏԻՆ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԴԷԶՈՎ ՄԸ ՔԱՆԴԱԿԵԼԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ԴԷՊԻ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ, ՉԸՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ «ԳՐԱԿԱՆ» ՄԱԿԱՐԴԱԿ ՄԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԼՈՆԿ ՊԻՆ ՇԵՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԱՅՍ:

985scbԳիրքերով քանդակող շնորհալի արուեստագէտը կը խուսափի կաւէն եւ կը նախընտրէ ստեղծագործել ոչ աւանդական հում նիւթերով, ինչպէս` հեռաձայնի թիւերու գիրքեր, թերթեր եւ այլ հրատարակութիւններ: Շեն կը հաւաքէ տեղեկութիւն պարունակող գիրքեր եւ զանոնք վերստին շրջանառութեան մէջ դնելով` կը վերածէ իրենք իրենց առանձին ապրող ֆիզիքական հում նիւթերու, որոնց բառերն ու պատգամները երկրորդական կը դառնան գեղեցիկ հիւսուածքներու ամբողջութեան մը մէջ:

Արեւմտեան գիտութիւնը արեւելեան աւանդութեան հետ միաձուլելով` Շեն ժամանակավրէպ դարձած գիրքերու դարաններ կը վերածէ Պուտտայի կիսանդրիներու, արեւելքցի պատերազմիկներու եւ ասիական այլ կերպարներու: Յատուկ նշանակութիւն ունին անոր Պուտտայի արձանները: «Պուտտայի քանդակները կը ներկայացնեն Պուտտայի հնադարեան բազմաթիւ արձաններու հատուած գլուխները, որոնք գողցուած են Ասիայէն եւ վաճառուած են Արեւմուտքի թանգարաններուն կամ հաւաքածոներու սեփականատէրերու: Գաղութատիրական ժամանակներէն սկսեալ արեւմուտքցիք Պուտտայի արձաններու գլուխներ հատած են եւ իրենց հետ տարած են Արեւմուտք», կ՛ըսէ ժամանակակից արուեստի Հասլի հիմնարկին մէկ յայտարարութիւնը:

Շենի կախարդական քանդակները, որոնք հեռուէն քարէ կամ փայտէ շինուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, կը պահանջեն երկրորդ, երրորդ եւ թերեւս չորրորդ ակնարկ մը` իրենք զիրենք ամբողջութեամբ բացայայտելու համար: «Գրական» իւրաքանչիւր քանդակով Շեն կը շեշտէ արեւմտեան ընկերութեան սպառողական բնոյթը, ինչպէս նաեւ` թուային ժամանակաշրջանի ամենակարող ուժը: Շենի քանդակները կը կատարեն այն նախատեսութիւնը, թէ օր մը արհեստագիտութիւնը թղթակազմ գիրքը պիտի մատնէ մոռացութեան, ինչպէս մոռացութեան մատնուած են հնադարեան այն կիսանդրիները, որոնք վերարտադրուած են իրենց միջոցով:

985scb3

985scb4

Share this Article
CATEGORIES