Արուեստի Աշխարհէն. Համացանցը Վերջակէտը Պիտի Դնէ Երկարապատում Եւ Բարդ Գրական Վէպերուն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏ ԹԻՄ ՓԱՐՔՍ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԱՀԱԶԱՆԳԸ. «ԹՈՒԱՅԻՆ ԴԱՐՈՒՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՅՔԱՐԻԼ` ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ»: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՄԷԿՏԵՂԷ ՄՌԱՅԼ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԳՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ՍԵՌԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ:
Համացանցը, ե-նամակները, բջիջային հեռաձայնով փոխանակուած երկտողերը տեւական կը ցրուեն մեր ուշադրութիւնը եւ կը կնքեն գրական աւանդական վէպին մահկանացուն, կ՛ըսէ բրիտանացի ականաւոր գրագէտ Թիմ Փարքս:
Փարքս, որուն «Եուրոփա» վէպը թեկնածու էր 1997-ի «Պուքըր» մրցանակին, կը նշէ, թէ հարկ է աւանդական երկարապատում գործերը վերածել կարճ պարբերութիւններու, որպէսզի անոնք յարմարին արդի ընթերցողներու կեդրոնացումի կարճ պահերուն:
«Նիւ Եորք Ռիվիու աֆ Պուքս» թերթին մէջ գրելով` 59 տարեկան գրագէտը կը նշէ. «Ե-նամակներ, բջիջային հեռաձայնով փոխանակուած երկտողեր, Սքայփ եւ տեւաբար այժմէականացող լրատու կայքեր մեր ափին մէջ են եւ փորձութեան կը մատնեն մեզ: Պէտք է պայքարիլ` ընթերցանութեան իւրաքանչիւր վայրկեանի համար»:
Հետեւաբար վէպերը պէտք է պատշաճեցնել «ուշադրութեան տեւական ցրւումի վիճակին հետ, որ կը բնորոշէ մեր առօրեան եւ կը ջլատէ այն ուժը, որ անհրաժեշտ է երեւակայական երկրապատում գործ մը կարդալու, որովհետեւ անոր մէջ մխրճուիլը, դուրս գալը, ապա դարձեալ վերադառնալը կրնայ տեւել շաբաթներ կամ ամիսներ, մինչ այդ` հարկ է ամէն անգամ դարձեալ փնտռել պատմութեան թելը, հաղորդակից դառնալ անոր ներքին դրուածքին, զայն տեղադրել այլ վէպերու պարունակին մէջ»:
Փարքս կ՛եզրակացնէ. «Հաւանաբար ոմանք համաձայն պիտի չըլլան այս նախատեսութեան, սակայն փարթամ, իւրայատուկ արձակով, նրբաճաշակ յղացքով եւ նախադասութիւններու բարդ հիւսուածքով վէպը այսուհետեւ ինքզինք պիտի բաժնէ աստիճանաբար աւելի կարճ մասերու եւ հատուածներու` շատ աւելի յաճախ դադար տալով հոն, ուր պիտի ուզէինք դադար առնել»:
Փարքսի ակնարկութիւնները կ՛արտացոլեն գրական շրջանակներու մէջ հետզհետէ արմատացող անձկութիւն մը. համացանցը կը խախտէ լուրջ վէպին դիրքը:
Անցեալ ամիս Օքսֆորտ համալսարանին մէջ դասախօսութեան մը առիթով գրագէտ Ուիլ Սելֆ ըսած է. «Գրական վէպը իբրեւ արուեստի գործ եւ իբրեւ մեր մշակոյթին պատմողական արուեստին հիմնական մէկ ձեւը, իրօք, իր մահկանացուն կը կնքէ մեր աչքերուն առջեւ: Եթէ կ՛ընդունինք, թէ մինչ այդ գրութիւններուն մեծ մասը պիտի կարդացուի համացանցի կապուած թուային գործիքներու վրայ, արդեօք նաեւ կը հաւատա՞նք, թէ ընթերցողներ կամաւոր կերպով պիտի խզեն համացանցի հետ իրենց կապը: Եթէ մեր պատասխանը «ո՛չ» է, ապա վէպին մահկանացուն կնքուած է` նոյնինքն մեր բառերով»:
Արդի արհեստագիտութեան պատճառած կեդրոնացումի ցրւումին եւ գրական շրջանակներու մէջ անոր ստեղծած անձկութեան կ՛արձագանգէ նաեւ Ֆիլիփ Ռոթ: Երբ 2010-ին լոյս տեսաւ անոր «Նեմեսիս» վէպը, ան հարցազրոյցի մը առիթով ըսաւ. «Կեդրոնացումը, կիզակէտը, առանձնութիւնը, լռութիւնը, այն բոլոր բաները, որոնք անհրաժեշտ են լուրջ ընթերցանութեան, այլեւս մարդոց հասողութեան սահմաններուն մէջ չեն»:
Սակայն բոլոր գրագէտները յոռետես չեն: «Հիզ տարք մեթիրիըլզ» եռաբանութեան հեղինակ Ֆիլիփ Փուլման կ՛ըսէ. «Միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան քանի մը անձեր, որոնք պիտի փափաքին կարդալ գրական լուրջ վէպ մը: Եթէ պահանջը շարունակուի, ապա վէպը կը գոյատեւէ: Պիտի փոխուի հրատարակութեան ձեւը միայն: Անիկա պիտի ապրի փոփոխութեան եւ վերիվայրումներու ժամանակաշրջաններ»:
«Առաջին մեծ փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է, երբ մարդիկ սկսած են գրել. նախապէս մարդիկ պարզապէս կը նստէին եւ պատմութիւն կը պատմէին: Ապա ի յայտ եկաւ Կիւթենպերկի տպագրութեան գործիքը եւ առիթ տուաւ, որ պատմութիւնները բազմագրուին շատ աւելի արագ»:
«Համացանցն ու թուայնացումը կը ներկայացնեն երրորդ մեծ փոփոխութիւնը: Սակայն այս կամ այն ձեւով պատմութիւն պատմելը անցած է տարբեր տեսակի ցնցումներէ եւ պիտի շարունակէ անցնիլ»:
Այլ մեկնաբաններ եւս կը մտածեն, թէ գրական աշխարհին մէջ տիրող ինքնավստահութեան պակասը անտեղի է եւ կը նշեն, թէ վէպին մահը գուժող նախատեսութիւններ կը կատարուին աւելի քան կէս դարէ ի վեր:
Անոնք կը մէջբերեն 1965-ին նոյնինքն «Նիւ Եորք Ռիվիու աֆ Պուքս» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներ, որոնց մէջ բրիտանացի քննադատ Ֆրենք Քըրմոտ կատարած է չոր դիտարկութիւն մը. «Վէպին կցուած ճակատագիրը այն է, թէ անիկա տեւաբար մահուան սեմին է իբրեւ գրական սեռ»:

