Արուեստի Աշխարհէն. Պրազիլի Մարմաջը` Ֆութպոլէն Անդին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985brazilԵՐԿԻՐԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ԱՒԵԼԻ ԾԱՆՕԹ Է ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԻՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՎ, ՔԱՆ` ՈՒՍՈՂԱԳԷՏՆԵՐՈՎ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌԱՋ ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ: ԳՐԱԳԷՏ ԱԼԵՔՍ ՊԵԼՈՍ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՃԵԼԻ ԽԱՂԵՐՈՎ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ ՀԻՒՍԱԾ ԱՅՆ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ, ՈՐ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԻ … ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԱՐԶԻԿԻ ՄԸ ՊԷՍ:

Տարին` 1925: Պրազիլ խանդավառ մթնոլորտի մէջ է: Աշխատաւորներ կը կառուցեն քաղաքին հռչակաւոր Քրիստոսի արձանը, նոր տեսակի երաժշտութիւն մը` սամպա, կը համակէ ամբողջ երկիրը եւ կը դառնայ ազգային երաժշտութիւն: Երկրին գլխաւոր օրաթերթը` «Ա Նոյթէ» առաջին էջով կը ներկայացնէ նոր գրագէտ մը` աստղի համազօր դիրքով:

Մալպա Թահան կամ բուն անունով` Ալի Լեզիտ Իզզէտտին Իպըն Սալիմ Հանք Մալպա Թահան Միջին Արեւելքէն գրագէտ մըն էր, որ կը գրէր արաբերէնով, եւ որուն գործերը փորթուգալերէնի կը թարգմանուէին Պրազիլի հանրութեան համար: Անոր կարճ պատմուածքները ունէին բարոյական բովանդակութիւն, գրուած` «Արաբական գիշերներ»-ու ոճով, եւ կարճ ժամանակ մը ետք կը սկսէին ընդգրկել ուսողութեան առնչուող նիւթեր:

«Մարդը, Որ Կը Հաշուէր»

Այնուհետեւ Մալպա Թահան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է: 1932-ին ան հրատարակած է «Օ մեմ քու քալքուլաւա» (մարդը, որ կը հաշուէր) գործը, որ պիտի դառնար Պրազիլի մէջ երբեւիցէ գրուած ամէնէն յաջող գիրքը:

Նիւթը տեղադրուած է 13-րդ դարու ժամանակաշրջանին մէջ եւ կը սկսի այսպէս. «Յանուն բարեգութ եւ ողորմած Աստուծոյ. Պաղտատի ճամբուն վրայ էի եւ ուղտիս դանդաղ քայլերով կը վերադառնայի դէպի Տիգրիսի ափերուն տարածուող Սամարա հռչակաւոր քաղաքը, երբ հանդիպեցայ համեստ հանդերձանքով ճամբորդի մը, որ նստած էր ժայռի մը վրայ. կարծէք կը փորձէր վերաթարմանալ երկար ճամբորդութենէ մը ետք»:

Ճամբորդը Պերեմիզ Սամիրն էր` պարսիկ ուսողագէտ մը, որ կ՛ընկերակցի հեղինակ-պատմիչին եւ ուղեւորութեան ընթացքին կը լուծէ ուսողական բազմաթիւ խնդիրներ` օգտագործելով թիւեր հաշուելու իր կարողութիւնը: Առիթով մը անոնք կ՛այցելեն թագաւորին նախարարին` Իպրահիմ Մաալուֆի բնակավայրը: Թահան կը նկարագրէ.

«Անցանք երկաթէ ծանր դարպասէն եւ նեղ միջանցքէ մը ուղղուեցանք դէպի պալատին հրաշալի պարտէզը: Նրբաճաշակ պարտէզ մըն էր: Նարնջենիներու երկու շարքեր կը տարածէին իրենց շուքը: Անցանք փարթամ կահաւորումով սենեակներու առջեւէն, ուր արծաթէ ծոպերով գորգեր կախուած էին պատերէն, եւ ի վերջոյ հասանք թագաւորին նախարարին կացարանը: Նախարարը ընկողմանած էր մեծ բարձերու վրայ եւ կը զրուցէր երկու բարեկամներու հետ»:

Պերեմիզ կը հիացնէ նախարարը` ուղտերու նախիր մը հաշուելով շատ արտասովոր ձեւով. ան կը հաշուէ անոնց կճղակներն ու ականջները, ապա զանոնք կը բաժնէ վեցով: Ուղտերը նուէր պիտի ուղարկուին նախարարին 16 տարեկան նշանածին` Ասթիրի հօրը, սակայն Պերեմիզ կը նկատէ, թէ անոնցմէ մէկը միայն մէկ ականջ ունի:

«Փափաքեցայ փոքր առաջարկ մը կատարել,- կ՛ըսէ ան:- Եթէ այս թերաճ անասունը դուրս պիտի ձգէք նախիրէն, ապա պիտի ունենաք 256 ուղտ, այսինքն` 16 x 16 ուղտ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ գեղեցիկ Ասթիրին հօրը ուղարկուած նուէրը պիտի յատկանշուի ուսողական կատարելութեամբ մը. ուղտերուն թիւը Ասթիրի տարիքը պիտի բազմապատկէ նոյնքան թիւով: 256-ը 2-ով ինքն իր վրայ բազմապատկուած թիւ մըն է եւ յատուկ խորհրդանիշ մը եղած է հին ժամանակներուն, մինչդեռ 257-ը անզոյգ թիւ մըն է: Իրենք իրենց վրայ բազմապատկուող թիւերու միջեւ այս կապերը լաւ սկիզբ մըն են սիրահարներու համար»:

Կը սիրեմ «Մարդը, որ կը հաշուէր» գիրքը: Անիկա մեզ կը տեղափոխէ պետեւիներու, վեզիրներու, շէյխերու, իշխաններու եւ թագաւորներու աշխարհը, կը պարունակէ հարուստ ակնարկութիւններ` իսլամական աւանդութիւններու եւ Միջին Արեւելքի մէջ որոշ վայրերու: Ուսողութիւնը չափաւոր ներկայութիւն է անոր մէջ, մատչելի, եւ մղիչ ուժը` պատմութիւններուն: Մեծ մասամբ հիմնուած է հաշիւի վրայ, թէեւ կը պարունակէ նաեւ երկրաչափական խնդիրներ եւ իրենք իրենց վրայ կախարդական հնարքով բազմապատկուող թիւեր պարունակող հետաքրքրական իրեր, զորս թագաւորը կը նուիրէ Պերեմիզի` զանոնք բերել տալէ ետք գեղագրութեան վարպետի մը բնակարանէն:

«Երկու իրերը լաւ մը զննելէ ետք մարդը, որ կը հաշուէր, ըսաւ հետեւեալը. «Իրենք իրենց վրայ բազմապատկուող թիւերու այս տուփերը, զորս գեղագրութեան վարպետը ձգած էր իր ետին, կախարդական թիւեր են: Առնենք թիւ մը եւ զայն բաժնենք 4-ով- 9-ով կամ 16-ով: Թիւ մը դնենք իւրաքանչիւր տուփին մէջ: Երբ շարք մը թիւերու գումարը նոյն արդիւնքը տայ, ապա կ՛ունենաք ինքն իր վրայ բազմապատկուող կախարդական թիւ մը: Տարբեր տուփերու մէջ դրուած թիւերը պէտք է տարբեր ըլլան իրարմէ: Կարելի չէ կախարդական թիւ մը կառուցել միայն 4 տուփերով»:

«Մարդը, որ կը հաշուէր» լաւագոյն վաճառք արձանագրած գիրք մըն էր, որ Մալպա Թահանի ապահոված էր Պրազիլի ֆութպոլի աստղերուն համազօր հռչակ:

Գրական Կատակ Մը

Սակայն իրականութեան մէջ այս գիրքը պարզապէս գրական կատակ մըն էր: Մալպա Թահան անունով անձ գոյութիւն չունէր: Անիկա ծածկանունն էր Ճուլիօ Սեզար տէ Մելլօ է Սուզայի` Ռիոյի մէջ ծնած ուսողութեան ուսուցիչ մը, որ երբեք ոտք չէր կոխած Միջին Արեւելք:

Մելլօ է Սուզա ծնած էր 1895-ին: Ճարտարագիտութիւն ուսանելէ ետք դասաւանդած էր ուսողութիւն եւ ազատ ժամերուն գրած էր կարճ պատմուածքներ: Տեղական օրաթերթ մը սկիզբը մերժած էր հրատարակել զանոնք: Սակայն, երբ փոխած էր իր գրչանունն ու պատմուածքներուն մէջ նշուած վայրերը եւ գրութիւնները դարձեալ յանձնած էր` ըսելով, թէ անոնք թարգմանութիւնն էին առասպելի կարգ անցած ամերիկացի գրագէտ Ռ. Ս. Սլէյտի, օրաթերթը հրատարակած էր զանոնք:

Մելլօ է Սուզա անդրադարձած էր, թէ Պրազիլի մէջ իր յաջողութեան միակ յոյսը օտար ծածկանուն մը գործածելն էր: Ուսողութեան սէրը զինք առաջնորդած էր իսլամական գիտութիւնը ուսումնասիրելու, եւ ան սկսած էր պատմուածքներ գրել հին Արաբիոյ մասին` Մալպա Թահան անունին տակ:

Այնուհետեւ Մելլօ Մուզա հիւսած էր Մալպա Թահանի հարուստ կենսագրութիւնը: Ան ծնած էր 1885-ին` Մեքքէի մօտ, ճամբորդած էր աշխարհի տարածքին, 12 տարեկանին կարճ ժամանակ մը ապրած էր նոյնիսկ Մանչեսթըրի մէջ, ուր հայրը հարստացած էր գինի վաճառելով: Մալպա Թահան սպաննուած էր անապատի մը մէջ, ուր կը մասնակցէր պետեւիներու մղած ազատագրական պայքարին:

Երբ Մելլօ է Սուզա սկսած էր գրել իբրեւ Մալպա Թահան, անոր գործերը հրատարակող օրաթերթին սեփականատէրը միայն ծանօթ էր իրականութեան:

Տարիներ շարունակ ոչ ոք գիտէր, թէ հռչակաւոր արաբ հեղինակը իրականութեան մէջ ուսողութեան տեղացի ուսուցիչ մըն էր, որ կը սիրէր յախճապակիէ շինուած գորտի արձանիկներու հաւաքածոյ մը պահել:

Երբ ի վերջոյ Մալպա Թահան բացայայտուեցաւ իբրեւ Ճուլիօ Սեզար տէ Մելլօ է Սուզա համեստ ուսողագէտը, ան արդէն այնքա՛ն հռչակաւոր դարձած էր, որ իրականութիւնը այլեւս ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր:

Անոր երկրպագուներուն շարքին էին դպրոցական աշակերտներէ մինչեւ Պրազիլի նախագահը, իսկ այս օրերուն նաեւ երկրին ամէնէն հռչակաւոր գրագէտը` Փաուլօ Քոէլօ:

«Հրաշալի պատմիչ մըն էր,- կ՛ըսէ Քոէլօ:- Ընտանիքէս կը խնդրէի գնել անոր բոլոր գիրքերը: Ապա օր մը ըսի. «Աստուա՛ծ իմ, շատ հոյակապ անձ մըն է, շատ կ՛ուզեմ տեսնել զայն»:

Պատանի Քոէլօ ապշած էր, երբ ծնողները իրեն ըսած էին, թէ խորհրդաւոր արաբ գրագէտ Մալպա Թահան իրականութեան մէջ իրենց մէկ բարեկամն էր եւ կը բնակէր քանի մը շէնք անդին:

«Այցելեցի իր բնակարանը,- կը յիշէ Քոէլօ,- տեսայ զինք, ձեռքը սեղմեցի, եւ կ՛ենթադրեմ, որ շատ շոյուած զգաց, երբ գիտցաւ, թէ 10 տարեկան մանուկ մը կը կարդար իր բոլոր գործերը»:

«Չհամարձակեցայ խնդրել, որ ստորագրէր իր գիրքերը, որովհետեւ շատ կ՛ամչնայի»:

«Մալպա Թահան մեզի կը պատմէր արաբական գեղեցիկ մշակոյթին մասին: Ան շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այսօր, որովհետեւ հանդուրժողութիւնը միշտ ներկայ է անոր պատմուածքներուն մէջ»:

Մելլօ է Սուզա գրած է աւելի քան 100 գիրք: Անոնց շուրջ կէսը կը պարունակէ ուսողութեան շուրջ հիւսուած հաճելի ժամանց` մեծ մասամբ տեղադրուած իսլամական Միջին Արեւելքի մէջ, թէեւ պատմուածքներ գրած է նաեւ րաբուներու, յոյներու, չինացիներու եւ բաբելոնացիներու մասին:

Այսուհանդերձ, հակառակ օտար մշակոյթներու նկատմամբ իր տածած սիրոյն, ան միայն երկու անգամ ճամբորդած է Պրազիլէն դուրս. այցելած է Փորթուգալ եւ Արժանթին:

Մելլօ է Սուզա մահացած է 1974-ին: Մինչ այդ անոր գիրքերէն աւելի քանի մէկ միլիոն օրինակ վաճառուած էր միայն Պրազիլի մէջ: «Մարդը, որ կը հաշուէր» կը մնայ անոր ամէնէն հռչակաւոր գործը եւ կը շարունակուի վերահրատարակուիլ: Թարգմանուած է` սպաներէնի, անգլերէնի եւ գերմաներէնի:

Ան պիտի շարունակէ մնալ պրազիլական մշակոյթին մէկ մասը: Անցեալ տարի պետութիւնը անոր տարեդարձին օրը` 6 մայիսը, հռչակեց ուսողութեան ազգային օր:

Մալպա Թահան կոչուած է «Արաբիոյ պրազիլցին» եւ «Թիւերու Փելէն»:

Արդեօք բոլոր պրազիլցիներուն այս հերոսը ֆութպոլ կը սիրէ՞ր: Իրականութեան մէջ` ոչ: Ան «քիչ մը ձանձրացուցիչ կը նկատէր զայն»:

Ուսողութիւնը, իսլամութիւնը եւ գորտի արձանիկները աւելի հաճելի էին իրեն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES