Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնաթիւերու Գայթակղութիւնը Բացայայտած Երեխան Հայկական Վարժարան Պիտի Յաճախէ

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ժամանակ մը թրքական մամուլը լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած էր հայկական վարժարանի մը մէջ ստեղծուած մէկ կացութեան, որուն պատճառով երեւան ելած էր, թէ փոքրամասնութիւնները պետութեան մօտ կ՛արձանագրուէին գաղտնաթիւերով, իսկ հայերուն գաղտնաթիւը 2 էր:

Այս հրապարակումը այդ շրջանին ընդունուեցաւ իբրեւ գայթակղութիւն: Հարցը հետեւեալն էր: Կին մը, որ վերադարձած էր իր հայկական արմատներուն ու պաշտօնապէս անդամակցած Հայց. եկեղեցիին, ուզած էր իր զաւակը ուղարկել հայկական վարժարան, բայց վարժարանը, ըստ տիրող կանոնագրութեանց, պահանջած էր, որ կրթական տնօրէնութենէն յատուկ արտօնագիր մը բերուի, այս պատճառով ալ մերժած էր մանուկը արձանագրել:

Ընտանիքին փաստաբանը` Ճեմ Հալաւուրթ, դիմում կատարած էր պատկան իշխանութեանց, բայց Կրթական տնօրէնութեան փոխտնօրէն Ահմեթ Մոլաք Շիշլի ըսած էր, որ փոքրամասնութիւնները ունին իրենց գաղտնաթիւերը, իսկ այս կնոջ ինքնութիւնը այդ գաղտնաթիւին չի յարմարիր, ուստի կարելի չէ անոր զաւակը հայկական վարժարան մը արձանագրել:

Այս մերժումէն ետք փաստաբան Հալաւուրթ դատ բացած էր Պոլսոյ թիւ 7 վարչական դատարանին մէջ եւ այս անգամ` յաղթանակ արձանագրած: Արդարեւ, դատարանը, նկատի առնելով, որ յիշեալ կինը ձեռքին ունէր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ստացուած վաւերագիր, որով յայտնի կը դառնար, որ ան Հայց. եկեղեցւոյ անդամ էր, վճռած էր, որ ան, թէ՛ Թուրքիոյ սահմանադրութեան լոյսին տակ եւ թէ՛ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու յայտարարագիրին համաձայն, իրաւունք ունէր իր զաւակը իր ուզած վարժարանը արձանագրելու, ուստի դատարանը բեկանած էր Կրթական տնօրէնութեան կողմէ նախապէս տրուած որոշումը:

«Ռատիքալ» թերթը, արձագանգ հանդիսանալով այս լուրին, գործածած է այս հետաքրքրական խորագիրը` «Ցեղային գաղտնաթիւը պատին զարնուեցաւ»:

 

Share this Article
CATEGORIES