Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Աշակերտները Կը Մասնակցին Վարչապետարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Ձեռնարկին

2506Hamazkayin1Լիբանանի վարչապետարանին մէջ սովորութեան վերածուած է պարբերաբար գնահատանքի երեկոներ կազմակերպել եւ պատուել վաստակաշատ արուեստագէտները:

Չորեքշաբթի, 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած մշակութային երեկոն նուիրուած էր լիբանանցի դերասաններուն: Այս նախաձեռնութեան նպատակներէն է նաեւ հին սերունդի արուեստագէտները, լիբանանեան դերասանական աշխարհին մէջ իրենց ներդրումը ունեցողները ծանօթացնել նորերուն:

Այս տարուան ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը` Լիբանանի մէջ գործող երաժշտական հաստատութիւններու լաւագոյն աշակերտներու ընտրութեան լոյսին տակ:

«Բ. Կանաչեան» քոլեճէն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւարտական դասարանէն Մարինէ Հալլաճեան` ջութակ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալլաճեանի, 7-րդ դասարանէն Սէրուժ Յովսէփեան` դաշնակ, ինչպէս նաեւ Ալեքս Սուսանի եւ Կարօ Գրիգորեան միասնաբար նուագեցին դաշնակի վրայ, իսկ Կայէլ Գրիգորեան քանոնով երաժշտական կտոր մը հրամցուց:

Ձեռնարկին ներկայ էին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանն ու «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնի վարիչ պատասխանատու Արմէն Ճենտերեճեանը:

Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր հայ աշակերտներուն մասնակցութիւնը նման մակարդակով ձեռնարկի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )