Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Ամավերջի Զոյգ Հանդէսները

2606gertmenԵրէկ` հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը: Արդարեւ, 15 աշակերտներ` Մարիա Անանեան, Ալին Քասունեան, Մայտա Քասունեան, Մէյրի Խոխագլեան, Սէրլի Թապուճեան, Վիգէն Աւագեան, Մայքըլ Պետիկեան, Սերժ Մամիկոնեան, Տիգրան Գալայճեան, Քարլոս Մոսքոֆեան, Եղիա Նագգաշեան, Յակոբ Օրանճեան, Նարեկ Փիլիկեան, Փոլ Շահինեան եւ Սիմոն Ռըշշօ հրաժեշտ տուին իրենց շատ սիրելի Կերթմենեան վարժարանին` միանալու հսկայ փաղանգին այն աշակերտներուն, որոնք տարիներու ընթացքին աւարտելով վարժարանը ստացած են բարձրագոյն կրթութիւն` զանազան վարժարաններու եւ ապա տարբեր համալսարաններու մէջ եւ անոնք կեանքի ասպարէզին մէջ կը վարեն բարձր պաշտօններ, ինչպէս` բժիշկ, դասախօս, վաճառական, տնօրէն եւ այլն:

2606gertmen1Յայտագիրը կը բովանդակէր հոգեւոր եւ ազգային երգեր, կատարողութեամբ` վարժարանի երգչախումբին, անհատական եւ խմբային արտասանութիւններ, նուագ կիթառի վրայ` Փոլ Շահինեան եւ ջութակի վրայ` Գարին Սարգիսեան: Շրջանաւարտ աշակերտներուն անունով հրաժեշտի խօսք արտասանեցին Մայտա Գասունեան` արաբերէնով, իսկ Մէյրի Խոխագլեան եւ Սերժ Մամիկոնեան` հայոց լեզուով: Անոնք նկատել տուին, որ կը գտնուին կարեւոր հանգրուանի մը դիմաց. աւարտած են նախակրթարանը, որմէ առած են անմոռանալի յիշատակներ եւ ուրախ են, որ տարիներու իրենց ջանքերը արդիւնաւորուած են յաջողութեամբ: Անոնք նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն` խոստանալով շրջապատին մէջ ըլլալ տիպար անհատներ:

Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն անոնց յորդորեց կեանքի մէջ սորվիլ «մտիկ ընել, դիտել եւ լսել» եւ անոնց մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն:

Ուրբաթ, 13 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը, որուն ընթացքին 10 աշակերտներ` Ուաատ Ապտօ, Ուլա Ապտօ, Արփի Արոյեան, Գէորգ Գալայճեան, Ճուլի Գալուստեան, Սեւան Գունտաքճեան, Մեղեդի Խաչատուրեան, Ատելինա Ճանիկեան, Արթիւր Տեքըրմենճեան եւ Սերենա Տէտէեան ստացան մանկապարտէզի վկայական:

Հանդէսի յայտագիրը կը բովանդակէր խմբային երգեր` հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով, արտասանութիւններ եւ պարեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )