«Էրտողան Նախագահութեան Թեկնածու Պիտի Առաջադրուի» Կ՛ըսէ Արընչ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ թրքական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ գրեթէ հաստատօրէն օգոստոսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան համար Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան թեկնածու պիտի առաջադրուի:
«Մենք գրեթէ գիտենք, թէ մեր նախագահական թեկնածուն ո՛վ պիտի ըլլայ… որեւէ արգելք անտեսելով` մեր վարչապետին թեկնածութիւնը շատ հաւանաբար 1 յուլիսին պիտի յայտարարուի», ըսաւ ան:
Արընչ յայտնեց, որ Էրտողան իր հաւանական թեկնածութեան շուրջ խորհրդակցութեանց ընթացքին որեւէ ընդդիմութեան չէ հանդիպած: «Իր խորհրդակցած բոլոր խմբաւորումներն ալ իր թեկնածութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած են: Կը մնայ, որ ինք որոշէ», ըսաւ Արընչ:
Մինչ վարչապետի պաշտօնի թեկնածուներուն շուրջ ենթադրութիւններ կան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն հաւանական թեկնածու մը կը նկատուի, Արընչ ըսաւ, որ տակաւին շատ կանուխ է այդ հարցը քննարկելու: «Մենք մեր թեկնածուն 1 յուլիսին պիտի յայտարարենք, եւ թէ այդ օրէն ետք ո՞վ, նոյնիսկ ժամանակաւորապէս, պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը, սեփական հարց մըն է, որ ներկայիս քննարկելի չէ», ըսաւ ան:
Անցեալ շաբաթ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը յայտարարեցին, որ իրենց հասարակաց թեկնածուն Էքմելէտտին Իհսանօղլուն է: Վերջինս դեկտեմբերին դադրած էր Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար ըլլալէ:
Միւս կողմէ, ըստ թրքական տեղական երկու հարցախոյզերու, Էրտողան հանգիստ կերպով յաղթանակ պիտի արձանագրէ` 20 կէտով գերազանցելով իր անմիջական մրցակիցը: Ըստ թրքական «Կենար»-ի, Էրտողան քուէներուն 55.2 առ հարիւրը պիտի ապահովէ, իսկ Իհսանօղլու` 35.8 առ հարիւրը: «ՄԱՔ խորհրդատուական» կազմակերպութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, Էրտողան պիտի ապահովէ քուէներուն 56.1 առ հարիւրը, իսկ Իհսանօղլու` 34.2 առ հարիւրը:
Ըստ երկու հարցախոյզերուն, քրտական Ժողովրդավարական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Սելահէթթին Տեմիրթաշ պիտի ապահովէ քուէներուն նուազ քան 10 առ հարիւրը:
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 10 օգոստոսին: Յաղթելու համար Էրտողան պէտք է ապահովէ քուէներուն առնուազն 51 առ հարիւրը, այլապէս տեղի կ՛ունենայ երկրորդ փուլ մը, որ նախատեսուած է 24 օգոստոսին:

