Քերրի. «Արդէն Ուրբաթ Օր Ռուսիոյ Նոր Պատժամիջոցներ Կը Սպառնան»

Ճոն Քերրի
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ «հաշուուած ժամեր» մնացած են, որպէսզի ապացուցէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներու զինաթափման մասին ծրագիրին իր յանձնառութիւնը:
Քերրի Փարիզի մէջ հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնները համաձայն են, որ Ռուսիոյ դէմ նոր տնտեսական պատժամիջոցներու ծրագիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ ուրբաթ (այսօր):
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պիտի քննարկեն նոր պատժամիջոցները Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան ընկերակցուած անդամակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրման հոլովոյթին զուգահեռ:
Նշենք, որ այսօր կը լրանայ նաեւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ Քիեւի յայտարարած միակողմանի զինադադարին ժամկէտը:

