Սինիորա. «Լիբանանի Ապահովութիւնը Վտանգի Ենթարկող Կողմերը Ապօրինի Զէնք Կրողներն Են»

Հէյլ եւ Սինիորա

Հէյլ եւ Սինիորա

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնն ու երկիրը ցնցող ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Սինիորա դրուատեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը` անոնց ի գործ դրած հսկայ ջանքերուն եւ լիբանանցիները ահաբեկչական գործողութիւններէն պաշտպանելու առիթով:

Սինիորա շեշտեց, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար զոհուած իւրաքանչիւր նահատակ զինուորի ու ոստիկանի անունը պիտի փորագրուի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցները Լիբանանը կը փրկեն ահաբեկչութեան վտանգներէն: «Մինչդեռ Լիբանանի ապահովութիւնը վտանգի ենթարկող կողմերը ապօրինի զէնք կրողներն են», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES