Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Խուզարկեց Այլ Պանդոկ Մը

2606ramada_hotelՆերքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Ռաուշէի մէջ գտնուող «Ռամատա» պանդոկը (նախապէս` «Սաֆիր» պանդոկ) խուզարկեց` ձերբակալելու համար ահաբեկչական արարքներ գործած կարգ մը յանցագործներ եւ կասկածելիներ:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մաս կազմող հսկայ շքախումբ մը ժամանեց պանդոկ, մուտք գործեց անոր կառատունը եւ խուզարկեց ամբողջ պանդոկը, մինչ Զինուորական ոստիկանութիւնը շարունակեց խուզարկել «Ռամատա»-ի կից գտնուող «Տիւրոյ» պանդոկը:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը պանդոկին մէջ կրցաւ ձերբակալել երեք կասկածելիներ:

Նոյնանման խուզարկումներ կատարուեցան նաեւ «Մովեմփիք» պանդոկին եւ Ռաուշէի մայրուղիին վրայ գտնուող պանդոկներուն ու վարձու յարկաբաժիններուն մէջ, ուր կատարուեցան շարք մը ձերբակալութիւններ:

Նշենք, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Քալամունի մէջ ձերբակալուած ահաբեկչական բջիջին 15 անդամները, որոնց մէջ նաեւ «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ու բանբեր Սրաժէտտին Զրէյքաթը ամբաստանեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ «Ժունտ Շամ» ահաբեկչական բջիջը ստեղծելու, Այն Հելուէի մէջ ականներ պատրաստելու եւ Սուրիոյ մէջ ինքնաշարժներ ականելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ նախանցեալ օրուան պայթումէն անմիջապէս ետք ձերբակալուած յանցագործը հետաքննիչներուն յայտնեց, որ ինք եւ իր ընկերը մտադրած էին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող «Սահա» ճաշարան-պանդոկին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարել:

Լսատեսողական լարտուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ գտնուող անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակները սուրիացի քաղաքացիի մը օժանդակութեամբ Թուրքիայէն հասան Լիբանան:

Նոյն լրատուամիջոցները ընդգծեցին նաեւ, որ «Տիւրոյ»-ի մէջ անձնասպանական գործողութիւն կատարած Ապտել Ռահման Նասեր Շանիֆի (20 տարեկան) 10 մարտին փախուստ տուած է Սէուտական Արաբիայէն, ուր ան պահանջուած է իբրեւ ահաբեկիչ:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն ականուած գօտիները ապահովող կասկածելիին լուսանկարը:

2606gasgadzeliԿասկածելին է Մունզեր Խալտուն Հասան: Ծնած է 1990-ին` Աքքարի մէջ, եւ կը կրէ շուէտական քաղաքացիութիւն:

Հասան Լիբանանի մէջ կը շրջի «Նիսան» տիպի պեժ գոյնի եւ «Մերսետես» տիպի (2005) մոխրագոյն ինքնաշարժներով, որոնք իրենց կարգին կրնան ականուած ըլլալ:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանի, եւ ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական մարզի գործակցութիւնը` բացայայտելու համար ահաբեկչական ծրագիրները:

Ասիրի նշեց, որ «Տիւրոյ» պանդոկին պայթումը կրնար ըլլալ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու ծրագիր մը` աւելցնելով, որ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներէն մէկը սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ մըն էր: Ան հաստատեց, որ ահաբեկիչները անկրօն են:

Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ արձանագրուած պայթումը դատապարտուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց հետապնդելու այս ահաբեկիչները եւ դատավարութեան ենթարկելու զանոնք` մերժելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող որեւէ արարք:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտող ահաբեկչական արարքները` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն օժանդակելու Լիբանանի եւ Յորդանանի, որպէսզի անոնք կարենան դիմադրել ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ լուրերու շրջագիծին մէջ, լիբանանեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ապահովական ուժեր խուզարկած են Տըպպայէի պաղեստինեան գաղթակայանը, ուր փնտռած են ականուած ինքնաշարժ մը, իսկ ապահովական այլ ուժեր ձերբակալած են Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Քապպարայի թիկնապահներէն մէկը:

 

Share this Article
CATEGORIES