Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքիէի հետ, ներկայութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթեհ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Իրանի դեսպանը յայտնեց, որ Լիբանանի վտանգաւոր զարգացումներէն միակ օգտուողը կրնայ Իսրայէլը ըլլալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան կացութիւնը 1948-էն ի վեր երկրին դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր կացութիւնն է:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ ոմանք կը փափաքին հիւսիսային Պեքաայի անունը անպայման մխրճել սիւննի-շիի սադրանքներ հրահրող արարքներու մէջ:

Share this Article
CATEGORIES