Ժոմպլաթ Վերադարձաւ Պէյրութ

Ժոմպլաթ եւ Քուէյթի իշխանը

Ժոմպլաթ եւ Քուէյթի իշխանը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ մեկնած էր Քուէյթ, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղիի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլուի, երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:

Ժոմպլաթ հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի, վարչապետ շէյխ Ժապեր Մուպարաք Սապահի եւ Ա. փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սապահ Խալետ Սապահի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնները:

Ժոմպլաթ շեշտեց լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց Քուէյթի կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ փորձառութիւնը դարձեալ փաստեց, որ հակառակ բաժանումներուն եւ քաղաքական բարդ պայմաններուն, լիբանանեան պետութիւնը հզօր է եւ կարողութիւնը ունի ձախողեցնելու երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածել փափաքող ահաբեկչական ծրագիրներն ու դաւադրութիւնները:

Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան այս բարձր կարողութիւնը եւ անոր ապահովական կառոյցներուն կարելիութիւնները առիթ պիտի տան Լիբանանին շրջանցելու ապահովական իր ներկայ ապակայունութիւնը:

Ժոմպլաթ ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն եւ ողջունեց ապահովական կառոյցները` անոնց ճիգերուն համար:

Ան վերահաստատեց լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն ունենալիք ազգային անհրաժեշտ դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց յուսալքումի դաւադրութեան մէջ չիյնալու, այլ` յոյսին ու վստահութեան կառչած մնալու:

Share this Article
CATEGORIES