Հարիրի-Քերրի Հանդիպում

Հարիրի եւ Քերրի

Հարիրի եւ Քերրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վերջ տալու անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն կարողութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը:

Հարիրի եւ Քերրի քննարկեցին նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները: Անոնք ընդգծեցին միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES