Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Արաբական տնտեսութեան բարգաւաճման քուէյթեան սնտուկի տնօրէն Ապտել Ուահապ Պատըրը, որուն հետ քննարկեց այդ սնտուկին կողմէ Լիբանանի յատկացուած ծրագիրները:
Հանդիպումէն ետք Պատըր յայտնեց, որ Արաբական տնտեսութեան բարգաւաճման քուէյթեան սնտուկը Զահլէի ըմպելի ջուրի ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան նպատակով 50 միլիոն տոլարի գումար մը տրամադրած է. այդ գումարը յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ ճշդել, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի տրամադրուի գաղթականներուն` անոնց նկատմամբ Լիբանանի նիւթական բեռը թեթեւցնելու նպատակով:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Ֆաթթուշ եւ Մոհամետ Սաֆատի:

