«Կրցանք Բացայայտել Մեր Թշնամիներուն Ահաբեկչական Ծրագիրները Եւ Ձախողեցուցինք Անոնց Նպատակները» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ է, իսկ այն տեղեկութիւնները, թէ կարգ մը պանդոկներու մէջ ահաբեկիչներ կը գտնուին` Լիբանան արեւմտեան պետութիւններէ ստացած է:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ցարդ կրցած են ձախողեցնել երեք ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնք իրենց նպատակին չեն հասած: «Սակայն կրնայ ըլլալ, որ տակաւին կան նաեւ այլ ահաբեկչական գործողութիւններու ծրագիրներ», ըսաւ ան:

Վարչապետը շեշտեց, որ վիզայի դրութեան ստեղծումը ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ահաբեկիչներուն վրայ, «իսկ մենք կարիքը ունինք մեզի սիրող Ծոցի երկիրներուն քաղաքացիներուն: Մենք կարիքը ունինք զբօսաշրջիկներուն եւ մեր պարտականութիւնն է ամրապնդել երկրին ապահովութիւնը», ըսաւ ան:

Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց այն թղթածրարները, որոնց շուրջ տարակարծութիւն կայ, յետաձգել չորս օրով եւ քննարկել զանոնք:

Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանը հարուածող ահաբեկչական այս գործողութիւններուն հիմնական նպատակը լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը թիրախ դարձնել է:

Ան նշեց, որ Լիբանան ժողովրդավար երկիր է, ուր կայ խօսքի ազատութիւն, սակայն մաղթեց, որ լիբանանեան մամուլն ու լրատուամիջոցները զգուշութեամբ վարուին ապահովական բնոյթի լուրերուն եւ տեղեկութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ յարգեն ապահովական կառոյցներուն գաղտնապահութիւնը` խուսափելով տեղեկութիւնները հրապարակելու արագութիւնը մեծ յաղթանակի մը վերածելէ:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն փութացնելու նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ ազգային շահերու կառավարութեան մէջ իրենց գործելաձեւը ուղղակիօրէն հիմնուած է համախոհութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES