Տիգրան Սարգսեան` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիրներ ստորագրեց նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհելու եւ զայն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակելու մասին: Հրամանագիրները հրապարակուած են նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Նախագահին այլ հրամանագիրով Թաթուլ Մարգարեան ազատ կացուցուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանի պարտականութիւններէն:
CATEGORIES Հայկական

