Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տուաւ նոր որոշումներ, որոնք գործադրութեան պիտի դրուին նոր տարեշրջանին:

Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող իւրաքանչիւր ակումբ այսուհետեւ իրաւունք պիտի ունենայ դաշտ ներկայացնելու երեք օտար մարզիկ:

Ֆետերասիոնը տեղեկացուց նաեւ, որ փետրուար 2015-ին լիբանանեան երկու ակումբներ` Պաուշրիէ եւ Զահրաա, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սիւլէյմանիէի մէջ (Իրաք) տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու վոլիպոլի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES