Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 3-րդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 27 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ:

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, այս 3-րդ (ինչպէս նաեւ 4-րդ) մրցումին թուականը փոխեց, որպէսզի կարելիութիւնը ըլլայ զայն ուղղակիօրէն պատկերասփռել:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, այժմ, Ռիատիի աղջիկները 2-0 արդիւնքով կը գերազանցեն ՀՄԸՄ-ը:

Հետեւաբար, այս մէկը նկատի ունենալով, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները յաղթանակէ այլ ընտրանք չունին, որովհետեւ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES