2014-ի Մոնտիալ. Փորթուգալ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն. Ալճերիա Դուրս Ձգեց Ռուսիան

Թոմաս Միւլըր կը տօնէ իր նշանակած կոլը
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ կատարուեցան երկուքական մրցումներ:
Է. խմբակին մէջ տեղի ունեցող Գերմանիա – Միացեալ Նահանգներ մրցումը կը նկատուէր կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնք ունէին 4-ական կէտ: Հաւասարութիւնը պիտի ըլլար ի նպաստ Գերմանիոյ, որպէսզի գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Սակայն, Գերմանիա տարբեր խօսք ունէր ըսելիք, որովհետեւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` ապահովելով մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը:
Գերմանիոյ եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Թոմաս Միւլըր, որ ուժգին հարուածով մը 55-րդ վայրկեանին պարտութեան մատնեց ամերիկացի բերդապահ Թիմ Հաուըրտը:
Նշենք, որ մրցումին ներկայ էր շուրջ 42 հազար հանդիսատես:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Միացեալ Նահանգներ Գերմանիոյ հետ անցաւ յաջորդ հանգրուան: Հակառակ անոր Փորթուգալ յաղթեց Ղանայի (2-1), սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ ամերիկացիք ունէին աւելի լաւ կոլէվըրէյճ մը:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Փորթուգալի երկրորդ կոլը (80-րդ), շուրջ 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Նշենք, որ այս մրցումին իրաւարարն էր պահրէյնցի Նաուաֆ Շուքրալլա:
1-16-րդ հանգրուանին վերջին տոմս ապահովողը հանդիսացաւ Ը. խմբակին մաս կազմող Ալճերիա` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ռուսիոյ հետ:
Մինչեւ 60-րդ վայրկեան Ռուսիա ինք կը նկատուէր յաջորդ հանգրուան հասնողը` նկատի ունենալով, որ անիկա 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար` Ալեքսանտր Քոքորինի նշանակած կոլին շնորհիւ (6-րդ):
Սակայն ալճերիացի Իսլամ Սլիմանի նշանակելով իր կազմին հաւասարութեան կոլը (60-րդ) մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռուսիան:

Ալճերիոյ մարզիկները
Նոյն խմբակին մէջ, Պելճիքա, որ արդէն իսկ ապահոված էր իր տոմսը, 1-0 արդիւնքով յաղթեց Հարաւային Քորէայի` արձանագրելով իր 3-րդ յաղթանակը:
Այսօր` ուրբաթ, հանգիստի օր է:
Վաղը` շաբաթ, կը սկսին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց կ՛անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւով:

Ամերիկացի Համակիրները Ուրախ` Յաջորդ Հանգրուան Հասնելու Առիթով

