Նշմար. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Կրնան 2-0 Ուշացումը 3-2 Արդիւնքով Յաղթանակի Վերածել
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Մարզական աշխարհին մէջ անկարելի բան չկայ, յուսահատիլ բառը գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ ընկրկում ընդունելի չէ:
Ընդհակառակն. պէտք է ըլլայ պայքարի ոգի, յաղթելու վճռականութիւն, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու կամք:
Խօսքը այս պարագային կ՛ուղղուի ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին, որ կը ճակատի Ռիատի Պէյրութի դէմ` Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, եւ ներկայ դրութեամբ 2-0 արդիւնքով ուշացած է:
Եթէ օրինակներ ուզենք տալ, շատ են անոնք, թէ ինչպէ՛ս 2-0 արդիւնքով ետ մնացած խումբեր յաջողած են այդ ճակատումէն յաղթական դուրս գալ եւ դառնալ տիտղոսակիր, ըլլայ ֆութպոլի, պասքեթպոլի կամ այլ տեսակի մարզաձեւերու մէջ:
Կլոր գնդակի աշխարհին մէջ անկարելին կարելի կը դարձնեն բոլոր անոնք, որոնք վճռական են եւ գիտեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը լիուլի կատարել:
Այսօր եւ յաջորդող երկու մրցումներուն, երբ դաշտին վրայ մրցում կատարող ՀՄԸՄ-ի հինգ մարզիկները կիրարկեն խմբային խաղարկութիւն, ճշգրիտ փոխանցումներ կատարեն, դէպի կողով ուղղուող գնդակները 100 տոկոսով հասցնեն իրենց նպատակին, կրնան շատ դիւրութեամբ շրջանցել Ռիատիի վտանգը:
Ինչպէս որ կ՛ըսէ առածը` «միութիւնը զօրութիւն է», պէտք է նոյնը ըլլայ ՀՄԸՄ-ի հնգեակին համար, որ պէտք է արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը եւ միութեան ապահովէ ախոյեանութեան տիտղոսը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին, այսօր եւ յաջորդող վերջին երկու մրցումներուն, յաջորդական երեք յաղթանակ տեսնելու յոյսերով:

