Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շրջանակի մը մէջ երբ ձեր շուրջը լուռ նստած են, դուք խօսք առէք եւ արտայայտեցէք ձեր գաղափարները: Պիտի գնահատեն ձեր վերաբերումը եւ միտքերը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործատեղիին մէջ մրցակցութեան ոգին պիտի տիրէ, ձեզի քիչ մը դժուար պիտի թուի, բայց պիտի կարենաք ձեզի յանձնուած աշխատանքը կատարել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ առանձնանաք, միացէք եռանդուն եւ զուարթ անձերու: Մելամաղձոտութիւնը վանեցէք ձեզմէ, որովհետեւ ոչինչ կը շահիք: Աշխուժ եղէք, կը սիրուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջը զօրաւոր փոփոխութիւն մը նկատելի է, կրնաք օգտուիլ առիթէն, եթէ արթուն եւ ճարպիկ ըլլաք: Չորս կողմը լաւ նայեցէք, կ՛օգտուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տնտեսական գործառնութեան մը առիթով շատ լաւ շահեր պիտի ապահովէք: Օրը բախտաբեր է ամէն տեսակէտով: Տէր եղէք ձեր շահած գումարին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օգտուեցէք արեւին ընծայած բարիքներէն, մանաւանդ` այս օրերուն: Ծով գացէք բարեկամներով, վայելեցէք բնութեան բարիքը, ծովուն կապոյտ հանդարտութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներդաշնակութիւնը եւ համերաշխութիւնը պիտի տիրէ ձեր եւ ձեր շրջապատին միջեւ: Երանելի պիտի զգաք դուք ձեզ, որովհետեւ լաւատես պիտի ըլլաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեր մէջ գտէք շարժառիթներ` առանց հետեւելու այլոց տեսակէտին: Ձեր միտքերը կրնան ձեզ առաջնորդել հոն, ուր որ կ՛ուզէք երթալ: Ինքնավստահ մնացէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր լաւագոյն հանդերձանքով ներկայացէք հոն, ուր պիտի երթաք: Նոր գործ մը գտնելու եւ յաջողելու լաւագոյն ձեւն է այս: Շրջահայեաց եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գիշերային հաճելի եւ զուարթ հաւաքոյթը պիտի երկարի, որովհետեւ ձեր շուրջը գտնուողները եզակի խառնուածքով անձնաւորութիւններ են: Օգտուեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դրամական անակնկալ եկամուտ մը պիտի ոգեւորէ ձեզ: Անմիջապէս պիտի անցնիք նոր ծրագիրներ մշակելու` առանց մոռնալու ճամբորդութիւն մը: Բացառիկ է օրը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թեթեւ անհանգստութիւն մը կրնայ բարդանալ,  եթէ առաջքը չառնէք: Տնային բուժումները ժամականաւոր են, դիմեցէք ձեր բժիշկին, մտահոգութիւնները վանելու համար:

Share this Article
CATEGORIES