50 Տարի Առաջ (28 Յունիս 1964)
Հայ Եմ Ես
Թէեւ անգլերէն կը գրեմ եւ հակառակ անոր որ ծնունդով ամերիկացի մըն եմ, ինքզինքս կը նկատեմ հայ գրող մը:
Գործածած բառերս անգլերէն են:
Միջավայրը, որուն մասին կը գրեմ, Ամերիկան է:
Սակայն ոգին, որ կը ստիպէ գրել, հայ է:
Ուրեմն, հայ գրող մըն եմ ես:
Խորապէս կը սիրեմ հայ գրողներու մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը:
Հայ ժողովուրդին ազնուականութիւնը, քաջութիւնը, ուշիմութիւնը, խիզախութիւնը, պարզութիւնը, հեգնանքը, սրամտութիւնն ու անվեհերութիւնը հպարտութիւն կը պատճառեն ինծի:
Այս բարեմասնութիւնները ճշմարիտ բոլոր հայերու ժառանգութիւնն են:
Անոնք սնուցած են իմ կեանքը սկիզբէն, ու ես երախտապարտ եմ:
Աշխարհ երբեք չի կրնար նուաճել բարի ժողովուրդ մը:
Եթէ զրկուած ենք մեր հայրենի հողէն, աշխարհ մեր հայրենիքը կ՛ըլլայ:
Եթէ զրկուած ենք մեր կառավարութենէն, հայու հոգին կ՛ըլլայ մեր կառավարութիւնը:
Ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ դաւաճանել մեզի:
Օգտակար ձեւով ապրելու բաղձանքը զօրաւոր է հայուն մէջ:
Հայուն ուժը թեւերուն մէջ չէ, այլ` անհատին սրտին մէջ, իբր անհատ` առանձին:
Ասիկա միակ ճշմարիտ ուժն է, որ մարդիկ իբրեւ անհատներ կրնան ունենալ:
Այն ուժը, որ կը գտնուի թեւերուն մէջ, ստորադաս ու անարժէք ուժ մըն է: Անասնային ուժ մըն է այդ:
Անիկա անպատուաբեր է քաղաքակրթուած անձերու համար: Ինչ որ ատիկա գլուխ կը հանէ, անարժէք է մարդուն ազնուացման ու բարութեան աճեցումի պատմութեան մէջ:
Գալիք տարիներու ընթացքին, նոյնիսկ երբ աշխարհ վայրենութիւններու մէջ մխրճուի, հայը հարազատ պիտի մնայ այն հոգեկան օրէնքներուն, որ իր ժառանգութիւնը կը կազմեն:,
Հայու ոգին զօրաւոր ոգի մըն է: Ատիկա չի պարտուիր չար աշխարհով մը: Ընդհակառակն, անիկա պարտութեան կը մատնէ այդ աշխարհը: Այդպէս կ՛ընէ` իրեն բանալով այդ աշխարհը, առանց ապականելու անկէ:
Հայ եմ ես:
Ուրախ եմ, որ քիչ մը բան, որ ըսած եմ եւ ըսելու վրայ եմ, հոս պիտի վերադարձուի այն լեզուին, որուն ոգին ստիպեց զիս խօսելու, Հայաստանի սքանչելի լեզուին:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
Հայկական Հրաշք
«Երբ Աստուած կը բաժնէր հողը, հայերը քիչ մը ուշ ներկայացան Անոր: Աստուծոյ քով մնացած էր միայն կտոր մը քարքարոտ հող: Աստուած այդ հողը տուաւ հայերուն եւ ըսաւ. «Եթէ դուք կարողանաք ապրիլ այս քարերուն վրայ, կ՛ապրիք յաւերժ, որովհետեւ ոչ ոք պիտի ուզէ ձեր ձեռքէն խլել այդ քարերը»:
Հայ ժողովրդական աւանդութեան մաս կազմող այս տողերով կը սկսի Էսթոնիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի եւ էսթոնացի գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ «Լեզու եւ գրականութիւն» պարբերաթերթին (մայիս թիւ) մէկ յօդուածը` նուիրուած Երեւանի Մատենադարանին:
«Սակայն քարքարոտ Հայաստանի պատմութիւնը Աստուծոյ նախատեսածին պէս չընթացաւ,- կը կարդանք յաջորդ տողերուն մէջ. անմիջապէս որ աշխատասէր հայ մշակին ձեռքին տակ քարերը սկսան կերպարանափոխուիլ պտղատու այգիներու եւ ոսկեայ դաշտերու, իսկոյն յայտնուեցան այս փոքրիկ երկրին որսորդները: Բայց այն ժողովուրդը, որ կրցաւ «քարէն, հողէն հաց քամել», քարէն պատրաստեց նաեւ իր ինքնապաշտպանութեան զէնքը. ժայռակերտ բերդեր շինեց եւ բարձր լեռներէն քարեր տեղացուց թշնամիին վրայ, բարձրացուց քարէ տաճարներ, դպրոցներ եւ մատենադարաններ (միջնադարեան Հայաստանի պատմական քարտէսին վրայ յիշատակուած են շուրջ 1100 գրչութեան օճախներ), ուր գրուեցան եւ ընդօրինակուեցան մայրենի լեզուով գիրքեր. հայոց այբուբենը, որ ստեղծուեցաւ հայ մեծ գիտնական Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարեղ ձեռքով, դարձաւ ազգային պաշտպանութեան զօրաւոր զէնք»:
Յօդուածի շարունակութեանը մէջ կը ներկայացուի մագաղաթներէն շատերուն պատմութիւնը, անոնց պատմական եւ գիտական արժէքը: Յօդուածը այս առթիւ կը խօսի նաեւ հայութեան վիճակուած դժխեմ ճակատագրի մասին, թէ ինչպէս հայը դարեր շարունակ եւ անվհատ պայքարած է օտար ուժերու դէմ` պահպանելու եւ հարստացնելու համար իր մշակութային գանձերը:
Պարբերականին ճակատը կը զարդարէ Մատենադարանին գունատիպ լուսանկարը:
Խմբագրութիւնը միաժամանակ կը ծանուցանէ, թէ պարբերաթերթին յաջորդ թիւին մէջ պիտի զետեղուի ընդարձակ յօդուած մը` նուիրուած Խաչատուր Աբովեանի:

