Ինչո՞ւ Մենք Յուզումներ Կը Զգանք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Manga_houzoum-1Որովհետեւ մեր մարմինը եւ մեր ուղեղը շատ զգայուն են:

Յուզումները մաս կը կազմեն մարդկային մարմնի աշխատանքին: Անոնք արդիւնքն են մարմնին եւ ուղեղին հակազդեցութեան պատահարի մը առջեւ: Ուղեղին հրահանգին վրայ մարմինը կ՛արտադրէ այդ պարագային համապատասխան հորմոններ:

Օրինակի համար, վախը մեր մարմնին արտադրել կու տայ ատրենալին կոչուած հորմոն մը: Իբրեւ արդիւնք` մեր մկանները կը պրկուին, մենք աւելի ուշադիր ենք, մեր հակազդեցութիւնները աւելի սուր են եւ մենք նոյնիսկ ցաւէն նուազ կը նեղանանք: Վտանգի մը առջեւ աւելի արագ կը հակազդենք (օրինակի համար, երբ շուն մը կը նեղանայ եւ կը հաջէ)… եւ մենք կը փախչինք եթէ պէտքը զգանք:

***

Յուզումները մեզի տեղեկութիւններ կու տան մեր պէտքերուն մասին: Ուրիշներուն յուզումներն ալ մեզ կ՛առաջնորդեն: Եթէ բարեկամ մը կը ջղայնանայ, երբ մենք անոր հետ կը խօսինք, մենք այդ պայմաններուն կրնանք պատշաճիլ:

***

Հետեւաբար նախընտրելի է ընդունիլ մեր յուզումները, մտիկ ընել մեր զգացումներուն եւ զանոնք չպահել, որովհետեւ մեր մարմինը անոնց պէտք ունի աշխատելու համար:

Գիտէի՞ր, Թէ

Միայն մարդ արարածները կու լան իրենց յուզումներուն պատճառով: Անասուններուն մօտ արցունքները կը ծառայեն միայն աչքերը մաքրելու:

Manga_houzoum-5

Manga_houzoum-4

Manga_houzoum-3Manga_houzoum-2

 

 

 

 

Գոյութիւն ունին 6 հիմնական յուզումներ. զայրոյթը, ուրախութիւնը, վախը, անակնկալը, շփոթը, անախորժութիւնը:

 

 Ինչո՞ւ Մենք Ճերմակ Մազեր
Կ՛ունենանք, Երբ Ծերանանք

Որովհետեւ մեր մազերուն բնական «ներկը» կը սպառի:

Manga_mazerManga_mazer-1Մազերուն գոյնը կախեալ է մելանինէն, որ գոյնի պզտիկ տարր մըն է: Այս ներկը կ՛արտադրուի յատուկ բջիջներու կողմէ` մելանոսիթները: Երբ մենք կը ծերանանք այս բջիջները այլեւս չեն վերարտադրուիր եւ կը մեռնին: Անոնց թիւը բաւարար չ՛ըլլար մազերուն գոյն տալու համար:

***

Երբ մելանոսիթը կը մեռնի, ան չի կրնար այլեւս վերապրիլ: Մազը ճերմակ պիտի մնայ: Այս երեւոյթը կը պատահի բոլորին: Անկարելի է անկէ խուսափիլ… Բացի եթէ որոշենք մեր մազերը ներկել:

Ճերմակ մազերը երբեմն կը յայտնուին նոյնիսկ 20 տարեկանին` սթրէսի, ջղայնութեան, ծխախոտին եւ կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով:

Գիտնականները կը մտածեն նաեւ, թէ ճերմակ մազերուն կանուխ յայտնուիլը կրնայ ժառանգական ըլլալ:

Բջիջներու Հին Պատմութիւն Մը

Մեր մարմինը կազմուած է բջիջներէ: Պատանեկութեան եւ չափահաս տարիքին անոնք կը բազմապատկուին: Սակայն երբ անոնք կը սկսին ծերանալ, անոնք չենք վերանորոգուիր: Կամաց կամաց մեր մարմնին գործարանները նուազ լաւ կ՛աշխատին: Մեր մարմինը նուազ դիմացկուն կը դառնայ, եւ մենք աւելի դիւրութեամբ կը հիւանդանանք:

Գիտէի՞ր, Թէ

Մազ մը կ՛ապրի 2-6 տարի: Ապա անիկա կ՛իյնայ եւ ուրիշ մը կը բուսնի:

 

Ո՞ւր Կը Գտնուի Աշխարհի
Ամէնէն Տաք Վայրը

 

Manga_dakՄահուան ձորը:

Անիկա կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լաս Վեկաս քաղաքին արեւմուտքը: Հոն ամէնէն բարձր ջերմութեան աստիճանը հասած է 56,7 աստիճանին, 1913 թուականին: Սակայն կրնայ ըլլալ, որ օր մը, ուրիշ անապատի մէջ, օդը աւելի տաք եղած է: Մենք աշխարհի բոլոր անապատներուն բոլոր ջերմաստիճանները չունինք:

Մահուան ձորը շրջապատուած է լեռնաշղթաներով, որոնք ցանկապատ մը կը կազմեն: Անոնք կը կասեցնեն հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն եկած անձրեւները եւ աւելի զով օդը: Իբրեւ արդիւնք` օդը աւելի տաք կ՛ընէ այդ ձորին մէջ:

***

Երկար ժամանակ մարդիկ կը կարծէին, թէ ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը արձանագրուած է Էլ  Ազիզիայի մէջ, Լիպիա, 58 աստիճան: Սակայն հետազօտութիւնները յայտնաբերած են, որ սխալ մը եղած է այդ ջերմաստիճանը արձանագրելու ժամանակ, 1922 թուականին: Օդը շատ աւելի նուազ տաք էր:

***

Այս ջերմաստիճանները կ՛առնուին առտուն եւ իրիկունը, ըստ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ իրարու նման օրէնքներու: Օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը կը բաղդատէ այս բոլոր թիւերը` արձանագրելու համար ջերմաստիճանի մրցանիշերը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Կարելի է շուներու յատուկ կեղծամներ գնել:

Կարելի է շուներու յատուկ կեղծամներ գնել:

Զատկաճճիները իրենք զիրենք մեռած կը ձեւացնեն երբ վտանգ մը կը զգան:

Զատկաճճիները իրենք զիրենք մեռած կը ձեւացնեն երբ վտանգ մը կը զգան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Անձրեւի կաթիլները, որոնք տաբակ մակերեսի մը վրայ կ՛իյնան համպըրկըրի հացի ձեւ ունին:

Անձրեւի կաթիլները, որոնք տաբակ մակերեսի մը վրայ կ՛իյնան համպըրկըրի հացի ձեւ ունին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • 2 միլիոն տարիներ առաջ տեղի ունեցած հրաբխային ժայթքում մը երկրագունդին մակերեսին ձգած է 400 հազար ֆութպոլի դաշտերու տարածքին չափ մեծ փոս մը:
  • Արուսեակի մակերեսին վրայ կարելի է մեծ փիցցա մը եփել 9 երկվայրկեանէն:
  • Մանուկները համի զգայուն բջիջներ ունին իրենց այտերուն մէջ:
  • Անգլիական ընկերութիւն մը հնարած է պանիրի հոտով անուշահոտ մը:
  • Փինկ-փոնկի գնդակ մը կրնայ ժամական 113 քմ արագութեամբ ընթանալ:
  • Հրատ մոլորակին վրայ արեւմարերը կապոյտ կ՛ըլլան:
  • Մենք կրնանք 0 քիլօ կշռել երկրագունդին կեդրոնը:
  • Թրասերաթոփ հոյամողէսները 800 ակռայ ունէին:
  • Կարգ մը վայրի ծաղիկները տուրմի հոտ ունին:
  • Կարգ մը երկիրներու մէջ սարդոստայնները կը գործածուին ձկնորսութեան ցանցեր շինելու համար:
  • Եգիպտոսի Գահիրէ մայրաքաղաքին մէջ, բուրգերուն շուրջ դարձող կարգ մը ոստիկաններ իրենց հսկողութիւնը կը կատարեն ուղտերով շրջելով:
  • Ամերիկեան պաղպաղակի խանութ մը միջատի համով պաղպաղակ կը ծախէ:
  • Գերմանացի դարձակ մը իր հագուստները կը կարէ կաթի փոշի գործածելով:
  • Շանաձուկերը չեն կրնար իրենց աչքերը թարթել:
  • Ժամանակին ժամացոյցները կը շինուէին միայն մէկ սլաքով:
  • Կարգ մը մրջիւններ կրնան դէպի վար դարձած քալել:
  • Մեր քիթը կրնայ յիշել 10 հազար տարբեր հոտեր:
  • Մանուկներուն լսողութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան` չափահասներունը:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին պիսքուիին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին պիսքուիին հասցնող ճամբան

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներէն ամէն մէկուն  միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներէն ամէն մէկուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES