Թագուհի Խաշընձեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մահազանգը կը գուժէր հեռաւոր Մոնրէալի մէջ մահացած Թագուհի Խաշընձեանին մահը:

Հայաշէնցիք մօտէն ծանօթ էին անոր, Հայաշէնի կազմաւորման առաջին օրերէն: Խաշընձեան ընտանիքը բնակութիւն հաստատած էր Հայաշէնի մէջ: Երեք զաւակներու` Սոնայի, Լեւոնի եւ Յասմիկի տիպար մայրն էր, որ ամուսինին հետ ազգային ոգիով թրծած էին զանոնք` մղելով, որ ծառայեն շրջանի Համազգայինին եւ ՀՄԸՄ-ին մէջ:

Թագուհի Խաշընձեան երկար տարիներ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի շարքերուն մէջ ծառայած էր շրջանի կարիքներուն` մասնաւորաբար խնամելով անտէր ծերերը, մինչեւ 1977, քանիցս դառնալով վարչութեան ատենապետուհին: Ապա այդ պաշտօնը կը յանձնէր նոր տարրերու:

Ընկհ. Թագուհիին նման ազգային ոգիով գործունեայ հայուհի մը կարելի չէր առանց աշխատանքի թողուլ, այդ պատճառով ալ կը հրաւիրուի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի, հոն ալ չզլանար իր ծառայութիւնը խումբ մը տիկիններով զարկ կու տայ եկեղեցւոյ բարեզարդման:

Վրայ կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Զաւակներէն Լեւոնը եւ Յասմիկը իրենց ընտանիքներով կը ճամբորդեն Քանատա: Թագուհի Խաշընձեան կորսնցնելով իր ամուսինը` կը ստիպուի հետեւիլ անոնց:

Ան երկար տարիներ կը մնայ Քանատա, սակայն իր հոգիին մէջ միշտ կապուածութիւն ունէր Հայաշէնին, Լիբանան բնակող հարազատներուն եւ բարեկամուհիներուն հետ: Այդ պատճառով ալ քանի մը տարին անգամ մը կ՛այցելէր Լիբանան` վերապրելով իր անցեալին յիշատակելի եւ ուրախ օրերը ընկերուհիներուն հետ:

Կեանքի վերջին շրջանին չկրցաւ այցելել Լիբանան` իր անողոք հիւանդութեան պատճառով, սակայն ան իր կարօտը կ՛առնէր յաճախ հեռաձայնելով իւրաքանչիւր բարեկամուհիի` տեղեկանալու համար Լիբանանի եւ մանաւանդ Հայաշէնի ազգային կեանքին մասին: Ընկերուհիին յիշատակը անմոռանալի եւ անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ:

Սիրելի՛ ընկերուհի, օտար հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԷՄՔԷՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES