Ազգային Կեանքի Անխոնջ Ծառան
40 օրեր առաջ մեզմէ անվերադարձ մեկնեցաւ մեր սիրելի մեծ քոյրը, առաքինի կինը, օրինակելի մայրը եւ ազգային կեանքի մէջ անխոնջ դերակատարը` օրինակ դառնալով փոքրերուս:
1953-ին Թագուհի Պէրպէրեանը, ուրֆացի հօր եւ էրզրումցի մօր զաւակ, հարս եկաւ Հայաշէն` ամուսնանալով Այգեվարդ Խաշընձեանին հետ, որ մեծ մօրը եւ մօրը հետ երկու տարեկանին ազատած էին իրենց շրջանի ջարդերէն` կորսնցնելով ամբողջ գերդաստանը, բռնելով աքսորի ճամբան, մնալով անտէր եւ անօգնական:
Ճամբու ընթացքին մեծ մայրը շրջան մը կը ծառայէ իսլամ ընտանիքի մը մօտ, որ իրեն կը յանձնէ համայիլ մը (յատուկ սրբանկարներով եւ աղօթքով), որ ամբողջ աքսորի ընթացքին զիրենք կը պաշտպանէ ամէն տեսակի փորձանքներէ, անոնք ապահով կը հասնին Պէյրութ եւ կը հաստատուին Հայաշէն: Այդ սուրբ մասունքը պահուած էր իրենց տան մէջ, յատուկ պահարանի մը մէջ, որպէս օրհնութիւն, մեծերը անոր առջեւ ծնրադիր կ՛աղօթէին` օրինակ դառնալով փոքրերուն:
Երբ Թագուհին հարս եկաւ Հայաշէն, մեզի դրկից եղաւ: Մենք` տակաւին նախակրթարանի աշակերտներ, շատ սիրեցինք զինք եւ դարձանք սրտակից հարազատներ:
Թագուհին բարի, տնտեսող եւ հիւրասէր հարս մը եղաւ` շէնցնելով Խաշընձեաններուն տունը: Իրենց դուռը բաց էր ազգականներու եւ բարեկամներու առջեւ, միշտ ուրախ եւ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով, շնորհիւ Այգեվարդին, որուն հետ կերտած էին երջանիկ եւ նախաձելի բոյն մը` օրինակ դառնալով զաւակներուն:
Անոնք ունեցան երեք սիրասուն զաւակներ: Թագուհին միշտ հետամուտ էր անոնց կրօնական եւ ազգային դաստիարակութեան: Ան միշտ զբաղած էր` հիւսելով, կարելով եւ ընտանիքին պէտքերը հոգալով, խոհեմ տնտեսագիտութեամբ:
Երբ զաւակները բաւական մեծցան եւ դպրոց սկսան յաճախել, ինք անդամագրուեցաւ՛ Հայաշէնի ԼՕԽ-ին եւ դարձաւ գործօն վարչական եւ ատենապետուհի, որ պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ ինքնավարութեամբ վարեց տարիներ:
Այդ միջոցին ան միշտ հետամուտ էր անտէր տարեցներուն օգնելու, իրեն աջակից ԼՕԽ-ականներու հետ: Անոնք անմիջական կարգադրութեան կը դիմէին` նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով բոլորին, պէտք եղած պարագային զանոնք տեղաւորելով Ազգային ծերանոց կամ Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ան երկար տարիներ խնամեց կեսուրը, իր մայրը եւ հետագային` իր սիրելի ամուսինին:
Թագուհին նաեւ եղաւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի կեդրոնի վարչական, որ մեծ սիրով եւ նուիրումով կատարեց` օգտակար դառնալով նորութիւններուն եւ կեդրոնի յառաջդիմութեան:
Եղաւ նաեւ Հայաշէնի թաղային դատական յանձնախումբի անդամ, որ կատարեց հաւատքով եւ խղճմտութեամբ:
1986-90 եղաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի:
Լիբանանի անողոք պատերազմին եղաւ «Ռոստոմ» ակումբի օժանդակ անդամ` օժանդակելով շրջանի նպաստաբաշխումի եւ մանաւանդ պահակ տղոց ճաշի մատակարարման:
Զաւակներուն ամուսնութենէն ետք տէր եւ տիկին խնամեցին իրենց սիրասուն թոռները` հոս թէ Մոնրէալ, վայելելով անոնց ներկայութիւնը, ջամբելով անոնց քրիստոնէական ոգի եւ մարդկային բարեմասնութիւններ: Փոխադարձաբար իրենք ալ վայելեցին իրենց թոռներուն, փեսաներուն եւ հարսին սէրն ու յարգանքը:
Ամուսինին մահէն ետք Թագուհին մեկնեցաւ Քանատա` տղուն եւ աղջկան մօտ, սակայն` միշտ Լիբանանի կարօտը սրտին:
Ան Մոնրէալի մէջ ալ մաս կազմեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին` գործօն մասնակցութիւն բերելով բոլոր ձեռնարկներուն, մինչեւ կեանքին վերջին օրերը:
Օրին ՀՕՄ-ը զինք պարգեւատրեց` որպէս յիսուն տարուան գործոն եւ օրինակելի ԼՕԽ-ականի:
Սիրելի՛ Թագուհի, ի՜նչ ուրախութիւն էր քեզի, ամէն անգամ, որ Լիբանան գայիր` հարազատներդ եւ բարեկամներդ տեսնելու:
Վերջին գալուդ զաւակներուդ քաջալերանքին ընդառաջելով` առաջին անգամ ըլլալով գացիր եւ վայելեցիր քու սրտիդ շատ մօտիկ, մեր սիրելի հայրենիքը: Վերադարձիդ ուրախութիւնդ սահման չունէր: Թոռներուդ հետ գացիր նաեւ Քեսապ, սիրելի խնամիներուդ ծննդավայրը: Մեծ հրճուանք էր քեզի վայելելու այդ հայաւանին գեղեցկութիւնը եւ ջերմութիւնը:
Ես, որպէս քոյր, կը խոնարհիմ վաստակիդ առջեւ:
Յիշատակդ միշտ վառ մնայ:
ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ Տ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

